2011-10-17 12:33:12

Հոկտեմբեր 23-ին Սուրբ Պատարագ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցիին Մէջ։


Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութիւնը ընթացքի մէջ է: Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12ին, «Նիուզ.ամ»ը կը տեղեկացնէ, թէ Միջին Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկը համարուող սոյն եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները մասնակիօրէն աւարտած են, եւ ինչպէս ծրագրուած էր, եկեղեցւոյ վերաբացման արարողութիւնը եւ օծումը տեղի պիտի ունենան Հոկտեմբեր 22ին, իսկ յաջորդ օրը Ս. պատարագ պիտի մատուցուի հոն:
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին 1980էն ետք լքուած էր բախտի քմահաճոյքին: Պոլիս ապրող տիգրանակերտցի խումբ մը հայեր եկեղեցին վերանորոգելու խնդրանքով դիմած էին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, սակայն անոնց պատասխան տրուած էր, թէ վերանորոգման պարագային, ան պէտք է գործածուի իբրեւ թանգարան: Տիգրանակերտցի հայերը ստեղծած են «Սուրբ Կիրակոս հիմնադրամ»ը՝ եկեղեցին վերանորոգելու համար: 2.5 միլիոն տոլար արժող վերանորոգման ծախսերուն 70 տոկոսը ստանձնած է Հայկական հիմնադրամը, իսկ 30 տոկոսը՝ Տիարպեքիրի քաղաքապետարանը:
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին կառուցուած է 16րդ դարուն: Անոր զանգակատունը 1913ին քանդուած էր կայծակահար ըլլալով, որմէ ետք տեղւոյն հայերը կառուցած են նոր զանգակատուն, որուն զանգը ձուլուած է ոսկիի եւ պղնձի խառնուրդով: Սակայն 1915ին, այս անգամ թուրքերը թնդանօթով քանդած են զանգակատունը, որովհետեւ ան աւելի բարձր էր շրջակայքի մզկիթներու «մինարե»չներէն: Կը նախատեսուի, որ թնդանօթով քանդուած զանգակատունը վերանորոգելու աշխատանքները սկսին շուտով եւ աւարտուին 2012ին:
Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր(ծագումով Քիւրտ) յոյս յայտնած է, որ բացման ներկայ ըլլան Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.