2011-10-15 12:38:06

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Շաբաթ 15 հոկեմբեր 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց գերապայծառ Եուլիուշ Եանուշ` առաքելական դեսպանը Սլովենիայի ու Քոսովոյի մօտ։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց.- Աւստրալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ եկած կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։
Սրբազան Հայրը ընդունեց նաեւ “Centesimus Annus-Pro Pontifice” կոչուած հիմնադրամի համագումարին մասնակցողները, թիւով՝ 300 հոգի։
“Centesimus Annus-Pro Pontifice” կոչուած հիմնադրամի հաւաքին նիւթը եղաւ ''յարաբերութիւնը ընտանիքի եւ աշխատանքի միջեւ ''։
Սրբազան Հայրը անոնց ուղղած ճառին մէջ ի մէջ այլոց ըսաւ. ՜՜120 տարի անցաւ եջանկայիշատակ Լեւոն 13-րդ Քահանայապետի շրջաբերական թուղթին, ընկերային վարդապետութեան մասին։ Հակառակ այդ երկար տարիներուն, Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը կը մնայ այժմէական, քանի որ Եկեղեցին միշտ հետամուտ եղած է պաշտպանելու անհատը եւ ընտանիքը իրենց բնական միջավայրին մէջ եւ գործին մէջ։ Վատիկանեան երկրորդ տիեզերական ժողովը ընտանիքը ներկայացուց որպէս ''առտնին եկեղեցի'', ուր անհատը կը զարգանայ սիրոյ, զօրակցութեան ու հոգեւորութեան մէջ։ Տնտեսութիւնը իր կարգին պէտք է հետամուտ ըլլայ անհատին շահին ընկերութեան բարիքին համար։
Ներկայիս` ինչպէս մատնանշեցիք ձեր հանդիպումին ընթացքին, ընկերութիւնը կը գտնուի դժուար կացութեան մէջ եւ որուն հետեւանքով ընտանիքը եւս իր կարգին կը տուժէ։ Հետեւաբար, ըսաւ Սրբազան Հայրը, հարկ է որոնել նոր ներդաշնակութիւն մը ընտանիքի եւ աշխատանքի միջեւ ու Եկեղեցին այդ ուղղութեամբ կարող է իր նպաստը բերել։ Բնականաբար Եկեղեցւոյ չիյնար սահմանել ուղիները դիմագրաւելու ներկայ տագնապները։ Սակայն եւ այնպէս քրիստոնեաներուն պարտականութիւնն է չարիքը մատնանշել, վկայութիւն տալու կեանքի հիմնական արժէքներուն, որոնք կը հիմնուին մարդու արժանաւորութեան վրայ եւ զօրակցելու անոնց հետ որոնք դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին, որպէսզի ընկերութիւնը դառնայ միշտ աւելի Աստուծոյ ընտանիքը։

Սրբազան Քահանայապետը երեկոյեան ժամը 6.30-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հանդիպում կ'ունեայ Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի համագուամրին մասնակցողներուն հետ։
Կիրակի` 16 հոգտեմբեր, Նորին Սրբութիւնը Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 9,30-ին՝ պատարագ կը մատուցէ Նոր աւետարանութեան քարոզիչներու ներկայութեամբ ու անոնց դիտաւորութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.