2011-10-15 12:51:54

ՄԱԿ-ի Մէջ Տարածուեցաւ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը։


13 հոկտեմբերին իբրեւ Ընդհանուր ժողովի եւ Ապահովութեան խորհուրդի պաշտօնական գրութիւն ՄԱԿ-ի մէջ տարածուեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
Յայտարարութիւնը տարածելու խնդրանքով, ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Կարէն Նազարեան նախապէս գրաւոր դիմում ներկայացուցած էր կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին` նշելով, որ ինքնակառավարման մարմիններու գոյութիւնը բացարձակ անհրաժեշտութիւն է որեւէ հասարակութեան, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար: Ան ընդգծած էր, որ արդէն 5-րդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցած ընտրութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերածուած են ժողովրդավարական հոլովոյթի, ինչ որ դժբախտաբար տակաւին անընդունելի է Ազրպէյճանի համար, քանի որ այդ երկրին մէջ, բաղդատմամբ Լեռնային Ղարաբաղի, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարները կը նշանակուին եւ ոչ թէ կ՛ընտրուին ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտման միջոցով:

ՄԱԿ-ի պաշտօնական գրութեան մէջ ներառուած Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը իր կարգին կը շեշտէ Հարաւային Կովկասը բաց եւ ժողովրդավարական շրջան դարձնելու համար անհրաժեշտ բոլոր հոլովոյթներուն կառուցողական եւ հետեւողական վերաբերմունք ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը եւ Ազրպէյճանին կը յիշեցնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման եւ քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման դէմ բոլոր փորձերը սկիզբէն ձախողութեան դատապարտուած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.