2011-10-15 12:53:56

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ


RealAudioMP3 Կիրակնօրեայ Աւետարանական Խորհրհրդածութիւն
Պատրաստեց գերապատիւ Հ. Թովմաս վրդ. Կարապետեան։
Կիրակի 16 Հոկտեմբեր, 2011 Զ. ԿԻՐԱԿԻ ԶԿՆԻ ԽԱՉԻՆ Ղուկ. Դ, 14-24
Այսօրուայ աւետարանական ընթերցուածին ընդմէջէն Յիսուս մեզի կը կրկնէ գեղեցիկ խօսքերը զորս իր մասին ըսուած էին Եսայի Մարգարէին կողմէն.
Տիրոջ Հոգին վրաս է, որովհետեւ օծեց զիս եւ ղրկեց՝ քարոզելու Աւետարանը աղքատներուն, գերիներուն՝ աւետելու ազատութիւն, կոյրերուն՝ աչքի լոյս, հարստահարուածներուն՝ ազատութիւն, եւ հռչակելու Տիրոջ շնորհքի տարին։
Եսայի Մարգարէին այս խօսքերը կը յայտնէին հրեայ ժողովուրդին Քրիստոսի ապագայ առաքելութիւնը անոր մանրամասնութիւններով։
Նախ գիտենք թէ Տիրոջ Հոգին, այսինքն Սուրբ Հոգին Քրիստոսի հետ էր։ Անշուշտ բոլորս ալ այս վայրկեանին մտքի կը բերենք Քրիստոսի մկրտութիւնը եւ Սուրբ Հոգիին էջքը Քրիստոսի վրայ աղաւնիի կերպարանքով։ Այդ վայրկեանէն սկսեալ, Սուրբ Հոգին միշտ ալ ընկերացաւ Յիսուսի առաքելութեանը, պատրաստելով նախ առաքեալներուն եւ ապա Յիսուսի բոլոր ունկնդիրներուն սիրտերը, որպէսզի ընդունէին Մեսիան, տալով մարդկանց շնորհքը ընկալելու Քրիստոսի խօսքերը իրենց սրտին մէջ, անոնց պտղաբերութեան սատարելով։
Յիսուս Աստուծոյ օծեալն է։ Արդէն յունարէնով Քրիստոս բառը կը նշանակէ օծեալ։ Հին ատեն, թագաւորները կ՛օծէին իւղով։ Աստուած, իր Որդին օծեց եւ ղրկեց մեզի իբր մեր սրտերու թագաւորը։ Երբ կը լսենք Քրիստոսի պատգամը եւ կը պահենք զայն, այն ատեն Քրիստոս կու գայ եւ մեր սիրտը կը բնակի եւ անոր թագաւորութիւնը հոն կը հիմնէ։
Քրիստոս եկաւ Աւետարանը քարոզելու աղքատներուն։ Աղքատ այստեղ ոչ այնքան նիւթական իմաստ մը ունի որքան հոգեւոր։ Հոգեպէս աղքատները անոնք էին որոնք տակաւին Աստուծոյ խօսքը չէին լսած։ Յիսուս մարդացաւ որպէսզի քարոզէր Աստուծոյ խօսքը մեզի՝ եւ մեր հոգիները հարստացնէր անով։
Իսկ երբ Եսայի կ՛ըսէ թէ Յիսուս եկաւ տալու գերիներուն ազատութիւն, անշուշտ կ՛ակնարկէր ազատութիւնը մեղքի տիրապետութենէն, որով չարին ստրկութենէն ազատելով կը դառնանք Աստուծոյ սիրասուն զաւակները։ Կոյրերուն աչքի լոյս, որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը լոյս է եւ տգիտութեան ու չարին խաւարը կը փարատէ։ Հարստահարուածներուն ազատութիւն որովհետեւ Ադամի մեղքով մենք կորսնցուցած էինք մեր նախքին փառքը եւ Քրիստոս զայն ետ մեզի կու տար՝ աւելիով։
Եւ վերջապէս, Եսայի կ՛ըսէ թէ Քրիստոս պիտի գար հռչակելու Տիրոջ շնորհքի տարին։ Հանգուցեալ Հայր Մեսրոպ Վրդ. Ճուրեանը այս արտայայտունթիւնը այդպէս կը բացատրէ մեզի իր Նոր Կտակարանի կատարած հայերէնի թարգմանութեանը մէջ.
Տիրոջ շնորհքի տարին Հրեաներու յոբելեանական տարին էր, որ կը տօնուէր յիսուն տարին անգամ մը։ Այս տարւոյն ընթացքին, պարտքերը կը ջնջուէին եւ ստրուկներուն ազատութիւն կը տրուէր։
Քրիսոտոս մեզի մեղքի գերութենէն ազատեց։ Արդեօք պիտի մնա՞նք ազատ որդիները Աստուծոյ կամ պիտի նախընտրենք ըլլալ չարին ստրուկները։ Աստուած ամէն մէկուս ազատութիւնը տուած է ընտրելու այս երկուքէն մէկը կամ միւսը, բայց վստահ ըլլանք թէ երկուքը միատեղ չենք կրնար ընտրել, որովհետեւ անոնք իրար հակասական են եւ պէտք է անպայման մէկը կամ միւսը ընտրենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.