2011-10-14 13:22:01

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Ուրբաթ 14 հոկտեմբեր 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց գերապատիւ Խուլեան Գառոն` նախագահը ''Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում'' եղբայրակցութեան։
- Ապա յաջորդաբար ընդունեց.
Աւստրալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, եկած կատարելու՝ իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։
Ու Կարտինալ Մարգ Ուելէ՝ կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին։
Նախապէս Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Իտալիոյ նահանգներու կառավարիչները եւ անոնց ուղղած խօսքին մէջ ըսաւ. ՜՜Ուրախ եմ ձեզ ընդունելու, մինչ Իտալիան կը տօնխմբէ իր միութեան 150ամեակը, կ'ողջունեմ ամէնքդ եւ մասնաւորապէս`սիրալիր ողջոյնս կ'ուղղեմ ներքին գործոց նախարար՝ տիար Ռոպերթօ Մարոնիին իր ուղղած ուղերձին համար՝՝։
Նորին Սրբութիւնը ապա աւելցուց ՜՜Դուք կու գաք երկրի բոլոր մարզերէն, ուր բացայայտ է քրիստոնէութեան ներկայութիւնը, որ դարերու հոլովոյթին կազմեց իտալական մշակոյթը ի յայտ բերելով տիեզերական արժէքներով հարուստ քաղաքակրթութիւն մը։
Յարգարժան կառավարիչներ գիտեմ որ մեծ ջանք կը թափէք ձեզի յանձնուած պաշտօնը լաւագոյնս կատարելու, հաւատարմօրէն ծառայելով Ազգին, ունենալով որպէս կէտնպատակ ծառայել քաղաքացիներուն եւ մասնաւորապէս օգնութեան հասնելով կարօտեալ դասակարգին։ Այդ ուղղութեամբ միտքս կու գայ ձեր պաշտպան սուրբը` սուրբ Ամպրոզիոսը, որ նախքան եպիսկոպոս ընտրուիլը եղած էր կուսակալ հռոմէական կայսրութեան։ Ան կը հաստատէր որ ձեր քաղաքային իշխանութեան հաստատութիւնը Աստուծմէ կու գայ եւ ով որ այդ կը կատարէ իր կարգին կը դառնայ Աստուծոյ պաշտօնեայ։ Դուք որ երկին իշխանութիւնը կը ներկայացնէք կանչուած էք հմտութեամբ եւ իշխանութեամբ վարելու ձեր պատասխանատուութիւնները մասնաւորապէս լարուածութեան ու ընդդիմութեան պահերուն՝՝։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով ՜՜Ս. Ամպրոզիոսի վկայութիւնը թող խթանէ ձեզ, որպէսզի ձեր ամէնօրեայ գործը ըլլայ արդարութեան, խաղաղութեան , ազատութեան ու հասարակաց բարիքին ի սպաս, եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս պիտի ըլլայ ձեր վրայէն, լաւագոյնս ծաւալելու սիրոյ քաղաքակրթութիւնը։ Այս մաղթանքներով կը հայցեմ ձեր վրայ Ամենակալին օրհնութիւնը՝՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.