2011-10-14 13:06:59

Հանդիսաւոր Ս Պատարագ Պէյրութի Սրբոյ Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ Մէջ։


Կիրակի 16 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին՝ Պէյրութի հայ կաթողիկէ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ (Ժէիթաուի) հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Գերապատիւ Հ . Վարդան վրդ. Գազանճեան՝ հոգեւոր հովիւը սոյն եկեղեցւոյ, հանդիսաւոր սկիզբ տալու համար ժողովրդապետական 2011-2012 տարւոյն։

Սրբոց Թարգմանչաց Նուիրուած Ձեռնարկ Պէյրութի Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ։
Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի Ֆարաճեան լսարանին մէջ, հինգշաբթի 13 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած ձեռնարկ մը ներկայութեամբ նախակրթարանի աշակերտութեան, ուսուցիչներու ու տեսչութեան անդամներու։
Վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու՝ Տիկ Կարինէ Թաշճեան բացման խօսքը արտասանեց որմէ ետք, ներկաները հետեւեցան նախակրթարանի խումբ մը աշակերտներու կողմէն պատրաստուած գեղարուեստական բաժինին, որուն ընթացքին 4րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Հայոց Այբուբենը խորագրեալ իւրայատուկ ասմունքը, ապա 3-րդ դասարանէն Կասիա Լեւոնեան նուագեց սրինգի վրայ, իսկ առաջին դասարանէն Յակոբ Թերզեան եւ Բալիկ Տօնիկեան ասմունքեցին գիրքին եւ ընթերցասիրութեան նուիրուած կտոր մը։
Օրուան բանախօսը՝ Պր Ռաֆֆի Տեմիրճեան իր խօսքին մէջ վեր հանեց հայ ժողովուրդի արժանիքները, յորդորեց բոլոր աշակերտներուն որ ոչ միայն սիրեն եռագոյնն ու Հայաստանը, այլեւ այս բոլորէն առաջ պէտք է սիրեն հայերէնը եւ լաւ խօսին մայրենի լեզուով։ Իւրաքանչիւր օր պէտք է դառնայ Թարմանչաց նուիրուած օր, պահպանելու մայրենին, ինչպէս այդ ըրին մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, որոնք կ՛ապրէին անասելի վատ պայմաններու եւ ժամանակներու մէջ, սակայն կը սիրէին իրենց լեզուն ու մշակոյթը, եւ պահելով ու փայփայելով փոխանցեցին ու հասցուցին մեզի։
Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է դառնայ Մեսրոպ Մաշտոցին զինուորը, սորվի հայերէն, հայոց պատմութիւն, որպէսզի երբ մեծնաք եւ համալսարաններ երթաք, ըսաւ բանախօսը, կարենաք այդ ձեր գիտելիքներով պաշտպանել ձեզ ազգային իրաւունքները ու դառնաք ձեր ազգի Դատին պաշտպանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.