2011-10-14 13:26:56

Եւրոպայի Եպիսկոպոսները Կոչ Կ՝ուղղեն Զօրակցելու Եգիպտոսի Քրիստոնեաներուն։ Իր Կարգին Երուսաղէմի Լատիներու Պատրիարքը Եգիպտոսի Իշխանութիւններէն կը Խնդրէ Որ Հանդարտեցնեն Կացութիւնը Եւ Վստահութիւն Ներշնչեն Քրիստոնեաներուն։


Կարտինալ Էրտօ նախագահը եւրոպայի եպիսկոպոսական դասի խորհուրդին, կոչ ուղղած է որպէսզի միջազգային հասարակութիւնը պաշտպան կանգնի Եգիպտոսի քրիստոնեայ փոքրամասնութեան, որոնք ներկայիս թիրախ են մահմետականներու հարստահարումներուն։ Եգիպոսի քրիստոնեաները երկրին ճշմարիտ քաղաքացիներ են եւ կը սատարեն արդարութեան, ազատութեան, ճշմարտութեան ու սիրոյ ընկերութեան մը կերտումին։

Իր Կարգին Երուսաղէմի Լատիներու Պատրիարքը Եգիպտոսի Իշխանութիւններէն կը Խնդրէ Որ Հանդարտեցնեն Կացութիւնը Եւ Վստահութիւն Ներշնչեն Քրիստոնեաներուն։
Գերերջանիկ ֆուատ Թուալ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց որ Եգիպտոսի քաղաքացիական իշխանութիւնները եւ մահմետականները պէտք է ջանք թափեն վստահութիւն տալու Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն ։ Քրիստոնեաները վախի մէջ են ըլլայ Եգիպտոս, Իրաք, Եէմէն ու Սուրիա։ Անոնք յարատեւ լարուած վիճակի մէջ են, եւ կարիքը ունին տիեզերական Եկեղեցւոյ, որ նեցուկ կանգնի անոնց, որպէսզի յարգուին մարդկային ու փոքրամասնութիւններու իրաւունքները ։








All the contents on this site are copyrighted ©.