2011-10-14 13:27:53

Ատրպէյճան Սահմանի Երկայնքով Պաշտպանական Պատ Կը Կառուցէ։


Ատրպէյճանը ԼՂ Պաշտպանութեան բանակի զօրքերուն հետ սահմանի երկայնքով պաշտպանական պատ մը կը կառուցէ: Ատրպեճանական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանին սահմանակից Չըրաղլի գիւղին մօտ արդէն կառուցուած է երեք մեթր բարձրութեամբ եւ 2700 մեթրանոց պատ:
«Հայ դիպուկահարներէն պաշտպանուելու» նպատակով, սահմանի երկայնքով պատ կառուցելու գաղափարը Ատրպէյճանի մէջ կը քննարկուի 2006էն ի վեր: Պատի կառուցման կողմնակիցները կը կարծեն, որ այդ քայլը հոգեբանական նշանակութիւն պիտի ունենայ եւ «պիտի ստիպէ ատրպեճանական հասարակութեան յիշեցնել, թէ ո՛վ է իր հարեւանը»:
Նշենք, որ հակամարտող ժողովուրդները պատով անջատելու կամ հակառակորդներէն պաշտպանուելու նպատակով, երկրի սահմանները պարսպապատելու նախադէպերը յայտնի են հնագոյն ժամանակներէն ի վեր: Հին աշխարհէն նման ամենայայտնի օրինակը Չինական Մեծ պատն է: Նորագոյն ժամանակներէն ամենայայտնին՝ Պաղ պատերազմը խորհրդանշող Պերլինի պատն էր, որ քանդուեցաւ 1989ին:
Նաեւ Իսրայէլի պետութիւնը կը շարունակէ 2003ին սկսած եւ մինչեւ ութ մեթր բարձրութեան հասնող պատին շինարարութիւնը՝ Յորդանան գետի արեւմտեան ափին, որով կը փորձէ պաշտպանուիլ պաղեստինցիներէն:
Պատը փաստացի սահման կը հանդիսանայ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.