2011-10-13 13:55:02

Վատիկանը Յատուկ Մետաղադրամ Մը Կը Թողարկէ Ասիզիի Միջեկեղեցական Հանդիպումին Առթիւ։


Վատիկանի թղթատարութեան գրասենեակը յատուկ մետաղադրամ մը կը թողարկէ յառաջիկայ 27 հոկտեմբերին՝ Ասիզիի մէջ տեղի ունեցող միջեկեղեցական հանդիպումին առթիւ։ Մետաղադրամը, որ հանրութեան տրամադրութեան ներքեւ պիտի դրուի 18 հոկտեմբերին, կը պատկերացնէ կրօնքի խորհրդանիշ` կին մը որ իր ձեռքին մէջ ունի պատատ մը, որուն վրայ գրուած է լատիներէն, արաբերէն ու եբրայեցերէն լեզուներով. ''կրօնքի ազատութիւնը, խաղաղութեան ճանապարհ''։ Ութը հազար օրինակով տպուած դրամանշանը 50 եւրօ արժէք ունի։
Նոյնպէս Մատրիտի երիտասարդութեան համաշխարհային 26-րդ օրուան ի յիշատակ Վատիկանը կը թողարկէ 2 եւրոնոց մետաղադրամ մը եւ հանրութեան պիտի դրուի 18 հոկտեմբերին եւ անոր արժէքը 15 եւրօ է։ Նոյն օրը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քահանայութեան 60 ամեակին ի յիշատակ, արծաթէ 5 եւրոնոց դրամ մը հրապարակ պիտի դրուի, 50 եւրօ արժէքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.