2011-10-13 14:02:08

Ռուսիոյ Պատրիաարքին Կոչը ՄԱԿին՝ Եգիպտոսի Մէջ Քրիստոնեաներու Պաշտպանութեան Ի Խնդիր։


Մոսկուայի Կիւրեղ պատրիարքը կոչ ուղղած է ՄԱԿին եւ միջազգային հասարակութեան որ ճնշում բանեցնէ Եգիպտոսի իշխանութեան վրայ, որպէսզի պաշտպանեն երկրին քրիստոնեաները եւ խաղաղութիւնը վերահաստատեն։
Իր կոչին մէջ Մոսկուայի պատրիարքը կը գրէ. ՜՜մեր ձայնը կը բարձրացնենք ի խնդիր Եգիպտոսի մեր եղբայրներուն եւ կը խնդրենք միջազգային հասարակութենէն որ անտարբեր չմնան կամայականութեան առջեւ ու ճնշում բանեցնեն Եգիպտոսի իշխանութիւններու վրայ, քրիստոնեաներու հալածանքին դէմ։ Նոյնպէս Եգիպտոսի իշխանութիւններէն կը խնդրենք որ վերջ դնեն բռնութեան ղպտի հասարակութեան դէմ նաեւ քրիստոնեաներու սպաննութեան ու եկեղեցիներու ու սուրբ վայրերու սրբապղծումին։
Քրիստոնեայ հասարակութիւնը, որ անբաժան մէկ մասն է Եգիպտոսի պատմութեան, իրաւունք ունի ազատօրէն կիրարկելու իր հաւատքը, պահպանելու իր եկեղեցիները ու կառուցելու նորեկեղեցիներ։
Յայտնենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը չորեքշաբթի 12 հոկտեմբերին ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին կոչ ուղղեց Եգիպտոսի քաղաքացիական ու կրօնական իշխանութիւններէն, պահանջելով Եգիպտոսի քրիստոնեաներու պաշտպանութիւնը, եւ որպէսզի յարգուին փոքրամասնութիւններու իրաւունքները ազգային միութեան բարիքին ի շահ։
Նշենք նաեւ որ 9 հոկտեմբերին Գահիրէի մէջ ղպտիները մեծ ցոյց մը կազմակերպած էին բողոքելու Ասուանի եկեղեցւոյ սրբապղծումին դէմ, պահանջելով հրաժարականը մարզապետին։ Ոստիկանութիւնը յարձակում կատարած է ցուցարարներու դէմ եւ սպաննած 25 հոգի ու աւելի քան 300 հոգի վիրաւորած են։










All the contents on this site are copyrighted ©.