2011-10-13 14:01:10

Իսրայէլ՝ Շալիթ Կիլատը Պիտի Փոխանակէ Պաղեստինցի 1027 Գերիներով


Իսրայէլի կառավարութիւնը համաձայնեցաւ Համասի կողմէ գերեվարուած իսրայէլացի զինուորՇալիթ Կիլատը փոխանակել պաղեստինցի 1027 գերիներով:
Շալիթի փոխանակման ծրագիրին կողմ քուէարկած են Իսրայէլի կառավարութեան 26 անդամներ, իսկ դէմ քուէարկած են երեք նախարարներ, որոնց շարքին արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման:
Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ Դամասկոսէն յայտարարեց, որ պաղեստինցի գերիներէն 450-ը ազատ պիտի արձակուին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին, իսկ մնացեալը` երկու ամիսէն: Իսրայէլի կողմէ ազատ արձակուածներուն շարքին են 27 կիներ: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու վստահեցուցած է, որ Կիլատ Շալիթ յառաջիկայ օրերուն տուն պիտի վերադառնայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.