2011-10-13 13:56:30

Գերապայծառ Մամպերթիի Պատարագը Ս. Տանիէլ Գոմբոնիի մահուան 130-րդ Տարելիցին Առթիւ։


Վատիկանի արտգործ նախարար` Գերապայծառ Մամպերթի Պրէշայի մէջ պատարագ մատուցեց սուրբ Տանիէլ Գոմբոնիի մահուան 130-րդ տարելիցին առթիւ։
Իր արտասանած քարոզին մէջ Վատիկանի դիւանագէտը ցաւ յայտնեց որ Մարդու ճշմարտութեան ու կեանքի նշանակութեան հանդէպ ներկայիս մեծ անգրագիտութիւն կը տիրէ։Այս կացութիւնը, ըսաւ ան,արդիւնքն է պատմութեան հորիզոնէն Աստուած ջնջելու մեծ ցնորքին։ Ան խօսելով Սուտանի առաքեալ եւ կեդրոնական Ափրիկէի առաջին սուրբը ` Ս. Տանիէլ Գոմբոնիի մասին ըսաւ որ ՜՜Եկեղեցին չի կրնար հրաժարիլ Աւետարանը քարոզելու եւ մարդու կեանքը բարւոքելու գործէն, երկրի մը մէջ՝ ուր կը տիրէ չքաւորութիւնը, անգրագիտութիւնը ու բազմատեսակ հարստահարումներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.