2011-10-13 14:00:46

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ցաւակցութիւնը ու Զորակցութիւնը՝Ղպտիներու Շէնուտա Գ.Պատրիարքին։


Արամ Ա. կաթողիկոս 11 հոկտեմբեր 2011 թուակիր անձնական գիր մը ուղղեց Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր Պետ Շէնուտա Գ. Պատրիարքին` յայտնելու, թէ ինք այժմ հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, եւ թէ մօտէն կը հետեւի Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն` ղպտի համայնքի զաւակներուն եւ եգիպտական բանակին պատկանող ջոկատներու միջեւ:
Այս առիթով վեհափառը իր ցաւն ու մտահոգութիւնը կը յայտնէ, ինչպէս նաեւ իր զօրակցութիւնը` Շէնոտա Գ. պատրիարքին եւ ղպտի եկեղեցւոյ:

Այս առիթով Վեհափառը նաեւ կը վերանորոգէ իր կոչը` շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գոյակցութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը նաեւ կը յիշեցնէ, թէ Եգիպտոսի Ղղպտիները իբրեւ լիիրաւ քաղաքացիներ պէտք է համահաւասար իրաւունքներ ունենան իրենց իսլամ եղբայրներուն ու քոյրերուն կողքին:
Միւս կողմէ սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Ղպտի Եկեղեցւոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ անձնական սերտ բարեկամութիւն` Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու Շէնուտա Գ. Պատրիարքին միջեւ: Արամ Ա.ի անունով Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կապ պահելով Քալիֆորնիոյ Ղպտի եկեղեցւոյ առաջնորդ Սրապիոն Եպիսկոպոսին հետ յայտնածէ իր ցաւակցութիւնը ։
Իսկ Արաբական երկիրներու Եպիսկոպոսները Միջազգային Հասարակութենէն խնդրեցին որ Եգիպտոսի ու Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու քրիստոնեաները թող առանձին չձգուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.