2011-10-12 14:02:44

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Նորին Սրբութեան կոչը Եգիպտոսի ղպտիներու ի խնդիր ։
Չորեքշաբթի 12 հոկտեմբեր 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Ս. Պետրոսի հրապարակը։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Սաղմոսարանին մասին, այսօր Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց թիւ 126 սաղմոսը` երգ ուխտաւորներուն սաղմոսին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը)
126-րդ սաղմոսը որ այսօր կը մտաբերենք, Աստուծոյ սքանչելագործութիւնները փառաբանող ուրախութեան երգ մըն է։ Անիկա կը մեծարէ ''մեծ բաները'' որ Տէրը իրագործեց իր ժողովուրդին բարիքին համար եւ կը շարունակէ իրագործել հանդէպ ամէն հաւատացեալի։
Յանուն Իսրայէլի, սաղմոսերգուն կը վերակոչէ Աստուծոյ փրկութիւնը ու ազատագրումը Պապիլոնէն ու բանտարկեալներու Սիոն վերադարձը։ Երուսաղէմի անկումով ու արտահանումով, հայրենիք վերադարձը հաւատքի ու վստահութեան վերադարձ մըն է, ուրախութեան փորձառութիւն մը, ապրուած որպէս երազ։
Աստուածային միջամտութիւնները, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հաւատքի վերադարձ մըն են, որ կը գերազանցեն երեւակայութիւնը։ Ազատագրումը կը պատճառէ ուրախութիւն, ինչպէս նաեւ աւելի մեծ բաներու իրագործում։
Յոյսով սպասուած ՜՜Փրկութեան լիութիւնը՝՝ , ըսաւ Սրբազան Հայրը, արտայայտուած է սերմի պատկերով, որ սերմանողի կողմէ հողին մէջ վստահութեամբ ու արցունքներով նետուած է, հունձքի անապահովութեան պատճառաւ։ Գիշեր-ցերեկ կը ծլի եւ կ'աճի։ Անիկա թաքուն խորհուրդի կեանքի պատկերն է։ Սերմանողի յոգնութեան ու հունձքի ուրախութեան անհամեմատութիւնը յատուկ է աստուածային գործերուն։ Այսպէս Տէրը կը գործադրէ փրկութիւնը մարդկային պատմութեան մէջ, որոնք ծանօթ չեն Անոր գաղտնիքին։ Հաւատացեալը նման է ցորենի հատիկին որ հող նետուելով կը մեռած է, սակայն բազում պտուղներ տալու յոյսով. կամ՝ նման է երկունքի ցաւերը կրող կնոջ, որ ծննդաբերութենէն ետք կը ճանչայ ուրախութիւնը, որովհետեւ նոր կեանք տուաւ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, երաշխաւորելով իր աղօթքը, որպէսզի զօրացած աստուածային շնորհքով կարողանան Աւետարանը քարոզել իրենց շրջապատէն ներս, ըլլայ խօսքով եւ ըլլայ բարի օրինակով։
Սիրելիներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մեր գոյութիւնը, յաճախ դրոշմուած՝ անապահովութիւններով, փրկութեան ու ազատագրումի պատմութիւն է։ Աղօթքս է որ Յիսուսի հետ քալէք դէպի Հօր տունը, մեր ճշմարիտ հայրենիքը ու բոլորս Աստուածամօր հետ միասին երգենք Աստուծոյ սքանչելագործութիւնները մեր կեանքին մէջ։ Սրտանց ամէնքդ կ'օրհնեմ, ըսաւ Սրբազան քահանայապետը, հուսկ հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով. սիրելիներ Քրիստոսի լոյսը թող միշտ լուսաւորէ ձեր կեանքը ու զայն բարիքներով պտղաբեր դարձնէ։ Հինքշաբթի օրը՝ 13 հոկտեմբերին, ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումին վերջին յայտնութեան օրն է։ Ձեզ ամէնքդ կը յանձնարարեմ Տիրամօր, որպէսզի կարողանաք վեհանձնութեամբ համապատասխանել Աստուծոյ կանչին։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Կոչը Ղպտիներու Ի Խննդիր Որոնք Այս Օրերուն Թիրախ Են Եգիպտոսի Ծայրայեղ Մահմետականներուն։
Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը կոչ մը ուղղեց ի նպաստ Եգիպտոսի քրիստոնեայ ղպտիներուն որոնք թիրախ են ծայրայեղ մահմետականներու բռնութիւններուն։
Իր կոչին մէջ, Նորին սրբութիւնը ըսաւ. խորապէս ցնցուած եմ, կիրակի օրը, Գահիրէի մէջ քրիստոնեայ ղպտիներուն դէմ գործադրուած բռնութիւններուն ի լուր։ Կը միանամ անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու Եգիպտոսի համայն ժողովուրդի վիշտին, որուն խաղաղ համակեցութիւնը ականուած է, եւ այնքան էական` յեղաշրջումի այս պահուն։ Կը հրաւիրեմ հաւատացեալները որ աղօթեն, որպէսզի եգիպտական ընկերութիւնը ունենայ ճշմարիտ խաղաղութիւնը, հիմուած՝ արդարութեան, ազատութեան ու արժանաւորութեան յարգանքին վրայ։ Միաժամանակ զօրակցութիւնս կը յայտնեմ Եգիպտոսի քաղաքացիական ու կրօնական իշխանութիւններուն, որպէսզի յարգուին փոքրամասնութիւններու իրաւունքները ազգային միութեան բարիքին ի շահ։








All the contents on this site are copyrighted ©.