2011-10-12 14:14:55

Միջազգային Ժողով՝ Ի Նպաստ Տարեցներուն, Որոնց Նիւթական Միջոցները Չարաչար Կը Գործածուին ։


Յառաջիկայ 27 եւ 28 հոկտեմբերին Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային ժողով մը՝ ի նպաստ տարեցներուն որոնց նիւթական միջոցները կը շահագործուին։ Գերապայառ Գորպելլինի մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ներկայացուց վերոյիշեալ ժողովին նպատակը, մատնանշելով՝ որ ամէն տարի վեց միլիոն տարեց Եւրոպայի մէջ զոհ են ֆինանսական չարաշահումի։
Գերապայառ Գորպելլինի ըսաւ որ տարեցները ''ողջ յիշատակ են մեր ընկերութեան, Եւրոպան զանոնք պէտք չէ բեռ մը նկատէ, այլ ընդհակառակն պէտք է հաշուի առնէ անոնց ունեցած արժէքները ու կարեւոր դերը ընտանիքին մէջ''։
ֆինանսականօրէն չարաշահուած տարեցներու միջազգային ժողովը կազմակերպուած է տարեց ընկերակցութիւններու միջազգային դաշնակցութեան կողմէ, եւ ունի որպէս բնաբան. ''Տարեցներու պաշտպանութիւնը` անոնց դիւրաբեկութեան տնտեսական ու իրաւական երեւոյթները''։ Կը նախատեսուի մասնակցութիւնը փաստաբաններու, իրաւագէտներու, հոգեբաններու ու բժիշկներու։ Յայտնենք որ տարեց ընկերակցութիւններու միջազգային դաշնակցութիւնը, խորհրդատու դեր մը ունի ՄԱԿի՝ առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ու Եւրոպայի խորհուրդին մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.