2011-10-12 14:12:38

Համերգ Մը Ի Պատիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։


Պավարիայի Օփերան 22 հոկտեմբերին համերգով մը հանդէս պիտի գայ Պօղոս Զ. անուան սրահին մէջ, ներկայութեամբ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։ Շուրջ 100 երաժշտագէտներ պիտի մեկնաբանեն թիւ 9 սենֆոնին Ռէ Մինոր եւ Պրիւքների Te Deum գոհաբանական աղօթքը։ Այդ առթիւ Պօղոս Զ .ի սրահը պիտի հիւրընկալէ ՕՏԻ կոչուած 16-27 տարեկան երիտասարդ երգչախումբը որուն ծախսերը կը հոգայ Օտի գերմանական ինքնաշարժի ընկերութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.