2011-10-12 14:14:19

Եգիպտոսի Փոխ Վարչապետ Հազըմ Էլ Պէպլավի Հրաժարած։


Եգիպտոսի փոխ-վարչապետ եւ ելեւմուտքի նախարար Հազըմ Էլ Պեպլավի Կեդրոնական Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն նկատմամբ կառավարութեան վարմունքին դէմ, իբրեւ բողոք, ներկայացուց իր հրաժարականը: Մինչ այդ, լաւատեղեակ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Եգիպտոսի Զինեալ Ուժերու Խորհուրդը կառավարութեան թելադրած է տեղեկատուութեան նախարարը պաշտօնազրկել` Ղպտիներուն ( եգիպտոսի քրիստոնեաները) դէմ հրահրում կատարելուն համար:
Եգիպտոսի Մարդկային Իրաւանց Միութիւնը նոյն պահանջով հանդէս եկած է եւ Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազին բողոքագիր մը ներկայացուցած: Այս կեցուածքները հիմնուած են այն իրողութեան վրայ, որ Եգիպտոսի պետական պատկերասփիւռի կայանի մէկ խօսնակը ղպտիներու քայլարշաւին անդրադառնալու ընթացքին «անոնցմէ ձերբազատուինք» արտայայտութիւնը ունեցած է:

Եգիպտոսի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ալ-Ազհարի Շէյխը` Ահմետ Թայիպ կեդրոնական Գահիրէի մէջ եգիպտական բանակի, ոստիկանութեան եւ ղպտիներու միջեւ 36 զոհեր եւ 327 վիրաւորներ պատճառած բախումներէն ետք Եգիպտոսի իսլամ եւ քրիստոնեայ բարձրաստիճան կրօնաւորները հրաւիրեց անմիջական խորհրդակցութեանց:
Ալ-Ազհարի Իիմամը ժողովը կը կազմակերպէ «տագնապը վերահսկողութեան ենթարկելու նպատակով», եւ թէ Ղպտիներու Շէնուտա Գ. Պապին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է :








All the contents on this site are copyrighted ©.