Փարիզէն եւ Պոլոնիայէն ետք ''Հեթանոսներու Գաւիթը'' կոչուած նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի
ունենայ Պուխարեսթի մէջ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ''Հեթանոսներու Գաւիթ'' առաքելական այս կառոյցը վստահած է
կարտինալ Ռավազիի` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին։ Անոր նպատակն է կլոր
սեղանի շուրջ հաւախմբել հաւատացեալն ու ոչ հաւատացեալը։ Երեքշաբթի 11 հոկտեմբերի
յետմիջօրէին, մայրաքաղաքի համալսարանին մէջ տեղի կ'ունենայ հրապարակային բանավէճ մը`
մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Ռավազիի եւ ռումէն համալսարանի
տնօրէն եւ գրագէտ Բադավիէչի միջեւ։ Իսկ չորեքշաբթի օրը`12 հոկտեմբերին, երկխօսութիւն
մը նախատեսուած է կարտինալ Ռավազիի եւ ռումանացի խումբ մը հալասարականներու հետ։ ''Հեթանոսներու
Գաւիթ''ը, երկխօսութեան նոր դաշտ մըն է հաւատացեալի եւ ոչ հաւատացեալի միջեւ, նախաձեռնուած
Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի կողմէ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի քաջալերանքով,
յետ 2009ին՝ անոր Փրակա կատարած առաքելական ճամբորդութեան։ Անոր նպատակն է՝ ստեղծել
երկխօսութեան միջավայր մը, անոնց հետ` որոնց համար ՜՜կրօնքը՝՝ օտար բան մըն է, ՜՜Աստուած՝՝
անծանօթ մըն է, եւ սակայն անոնք չեն ուզեր մնալ առանց Աստուծոյ։ ''Հեթանոսներու Գաւիթ''
անունը եկած է Երուսաղէմի տաճարի գաւիթէն, որ վերապահուած էր ոչ-հրեաներուն։ ''Հեթանոսներու
Գաւիթ''ի ներկայացումը տեղի ունեցաւ Փարիզ, 24 եւ25 մարտ 2011-ին։ Արարողութիւնը տեղի
ունեցաւ Ունեսքօ, Սորպոնի համալսարանը եւ ֆրանսական կաճառը։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ
Փարիզի Նոթր Տամ տաճարի գաւիթը եւ որուն ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր միջամտութիւնը
բերաւ հեռուստատեսիլի միջոցաւ։