2011-10-11 12:40:22

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Հանդիպումը Նոր Աւետարանութեան Դերակատարներուն Հետ.


Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդը, իր հիմնարկութենէն մէկ տարի ետք, կը կազմակերպէ ուսումնաժողով մը նոր աւետարանիչներուն համար։
15 եւ 16 հոկտեմբերին համար 7000 հոգի կը սպասուին Վատիկան, մասնակցելու՝ այդ դասընթացքին։
Հանդիպումին բնաբանն է Առաքեալներու գործերէն հետեւեալ խօսքը ''Աստուծոյ խօսքը կ'աճէր եւ կը բազմանար''։
Գերապայծառ ֆիզիքելլա` նախագահը Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդին, պիտի արտասանէ բացման խօսքը, մատնանշելով՝ այն զանազան մարզերը, ուր նոր աւետարանութիւնը կարող է տարածուիլ եւ ընդունելութիւն գտնել։ Իտալացի գրագէտ Վիթորիօ Միսսօրի պիտի շօշափէ ''Արեւմուտքը եւ անոր ուղղելիք հարցումները Քրիստոսին'' նիւթը։ Իսկ աստղագէտ Մարքօ Պերզանելլի պիտի խօսի ՜՜երկխօսութիւնը գիտութեան ու հաւատքի միջեւ՝՝ նիւթին մասին։ Իսկ Գոլոմպիայի բանակի հոգեւոր հայրը` գերապայծառ Մութիս, պիտի ներկայացնէ Լատին Ամերիկայի նոր աւետարանութեան փորձառութիւնը։
Երեկոյեան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ, քաջալերական խօսք մը պիտի ուղղէ նոր աւետարանութեան բոլոր քարոզիչներուն։ Յաջորդ օրը 16 հոկտեմբերին պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, ներկայութեամբ՝ նոր աւետարանութեան ուսումնաժողովի բոլոր մասնակցողներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.