2011-10-11 12:51:18

Նիքոլա Սարքոզի Չափսոսար Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Երեւանի Մէջ Իր Կատարախ Յայտարարութեանց Համար։


Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի իր խորհրդականներուն հետ քննարկման ժամանակ որեւէ ափսոսանք չէ յայտնած օրեր առաջ Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կատարած յայտարարութեանց համար:
Թրքական լրատուամիջոցները (վկայակոչելով ֆրանսական մամուլը) կը տեղեկացնեն, թէ Սարքոզիի խորհրդականները զգուշացուցած են Անգարայի կողմէ սպասուելիք լուրջ հակազդեցութեան մասին, որուն ի պատասխան Ֆրանսայի նախագահը ըսած է. “Ըստ էութեան, թուրքերը կ’ատեն ինծի, այնպէս որ, խնդիր չիկայ ”:
Յիշեցնենք, անցեալ շաբաթ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Երեւանի մէջ այցելած էր Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր, ուր յայտարարած էր, որ եթէ Թուրքիան չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Ֆրանսան պիտի ընդունի ՝՝Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը՝՝: Ֆրանսայի նախագահի այս յայտարարութիւնը խս տիւ քննադատած էր Անգարան:








All the contents on this site are copyrighted ©.