2011-10-11 12:52:00

Մանկավարժական Կազմաւորումի Եռամսեակ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններուն Մէջ,


Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Տնօրէններու Խորհուրդին եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի կազմակերպութեամբ Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի մանկավարժական ամպիոնի դասախօս Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան հրաւիրուած է Պէյրութ շարունակելու՝ ՜՜Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու ուսուցիչներուն ուղղուած մանկավարժական կազմաւորումի դասընթացքները՝՝ որոնք սկիզբ առած էին գարնան։
Աշխատանքներուն մասնակից դպրոցներու թիւը 4-էն բարձրացած է 6-ի,Այդ դպրոցներն են ` Մեսրոպեան, Գ. Հարպոյեան, Սրբ. Հռիփսիմեանց, Սրբուհի Ագնէս, Այնճարի Հայ Քոյրերու եւ Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանները:
Հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ մանկավարժական կազմաւորումի դասընթացքներու կը վայելէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հովանաւորութիւնը եւ անձնական քաջալերանքը:
Եռամսեայ դասընթացքներուն շնորհիւ կ’ակնկալուի որ Լիբանանի հայկական վեց վարժարաններուն մէջ էական յառաջընթաց արձանագրուի ինչպէս ուսուցիչներու ընդհանուր մանկավարժական կազմաւորումին, այնպէս ալ հայերէնի ուսուցման պայմաններուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.