2011-10-11 12:49:23

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Ռատիովատիկանի ընդհանուր Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր այս շաբթուայ խմբագրականին իբր տիտղոս կ՛ընտրէ <<Ազգերու Ընտանիքը>> խօսելու համար Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մասին ու անոր ներքեւ Սուրբ Աթոռի դերին։
Շատ անգամ հարց կը տրուի թէ ի՜նչու Սուրբ Աթոռի նման հոգեւոր հեղինակութիւն մը կը մասնակցի Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան նիստերուն որ յաճախ քաղաքական բախումներու վայր մըն է - կը գրէ հայր Լոմպարտին ու կը շարունակէ - հարկ է սակայն նշել թէ Սուրբ Աթոռը Դէտի հանգամանք ունի եւ հետեւաբար քուէարկութիւններուն չի մասնակցիր։Այս ուղղութեամբ բաւարար է կարդալ Սուրբ Աթոռի Դէտին վերջին ելոյթը։
ՅՊԲ երջանկայիշատակ Քահանայապետը, Նիւ Եորքի մէջ ունեցած իր ելոյթով, շեշտած էր թէ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը պէտք է դառնայ այն վայրը ուր անոր անդամները իրենք զիրենք զգան նոյն ՜՜ընտանիքի՝՝ անդամ, իրարու հանդէպ զօրավիգ եւ համայն մարդկութեան հասարակական բարիքը փնտռող։
Այս ուղղութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը զարգացուցած էր նոր գաղափարական մը այն է << պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը>> որպէս դրական մօտեցում հանդէպ տկարներուն։
Գերապայծառ Մամպերթի, Միացեալ Ազգերու նիստի իր վերջին ելոյթին ընթացքին, մեկնեցաւ նոյն գաղափարականէն ու <<պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը>> կիրարկեց, մարդկայնական այժմէական տագնապի՝ սկսելով Ափրիկեան Ծոցէն, ու խաղաղութեան, ապահովութեան, եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Գերապայծառ Մամպերթի կը մատնանշէ նաեւ Կրօնի Ազատութեան, որ այսօր շատ անգամ կամայականօրէն դրժուած է, եւ կամ սահմանափակուած։
Գերապայծառ Մամպերթի հուսկ կ՛անդրադառնայ ՜՜տնտեսութեան եւ բարոյագիտութեան՝՝ կապերու մասին, որ հիմնական հարցն է այսօրուայ համապարփակ տագնապին։ Ան կը խօսի <<աճումի պաշտպանութեան>> նիւթին մասին որուն մօտ օրէն Մակը կը նուիրէ միջազգային հանգամանք ունեցող խորհրդաժողով մը։
Ընտանիքը - կ՛ըսէ Գերապայծառ Մամպերթին խօսքը եզրափակելով - հասարակութիւն մըն է հիմնուած՝փոխադարձ կախումնաւորութեան, իրարօգնութեան եւ անկեղծ ու փոխադարձ յարգանքի վրայ։
Գաղափարական մը՝ ի շահ մարդ արարածի բարիքին, շահ մը որ դառնայ աշխարհի մէջ իրականութիւն։
Յատկապէս ասոր համար է որ՝ Սուրբ Աթոռը Նիւ Եորքի մէջ կը մասնակցի ՄԱԿ՝ի խորհրդաժողովին ։









All the contents on this site are copyrighted ©.