2011-10-11 12:50:34

Եգիպտական Բանակը Ղպտիները Կը Ցրուէ՝ Զրահամեքենաներով ։Կացութիւնը Կը մնայ Լարուած Գահիրէի Մէջ։


Եգիպտոսի մէջ իշխանութեան գլուխ եկած զինուորական գործադիր խորհուրդը ամէն ձեւով կը փորձէ արդարացնել երէկ տեղի ունեցած արիւնալի միջադէպերը, յորում զոհուեցան 36 հոգի, եւ կան 327 վիրաւորեալներ։ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր քարտուղարը Պան Գի Մուն կոչ մը ուղղեց Եգիպտոսի ժողովուրդին, որպէսզի ՝՝ փոփոխութեանց սա հանգրուանին իրարու միացած մնան՝՝ ։
Ղպտի եկեղեցւոյ առաջնորդ Շէնուտա Գ. Պատրիարքը հերքած է եգիպտական պաշտօնական լրատուամիջոցներուն միջոցով տարածուած այն տեղեկութիւնը թէ ՝՝հեռուստակայանի մօտ ղպտիները կրակած են զինուորներուն վրայ՝՝:
Ղպտիները կը պնդեն, որ մինչ պետական հեռուստակայանով քաղաքացիներուն կոչ կ’ուղղուէր հեռուստակայանի մօտ երթալ եւ “ուժով պաշտպանել եգիպտական զինուորներն ու պետական սեփականութիւնը”, ժողովուրդի մէջ՝ մեծ արագութեամբ կը խուժէին ամերիկեան երկու զրահամեքենաներ , որոնք ճզմելով կը սպաննէին բազմաթիւ ղպտիներ:
Իրաւիճակը Գահիրէի մէջ կը շարունակէ լարուած մնալ։ Եգիպտոսի Ազգային Արդարադատութեան Յանձնաժողովը պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը , որուն պիտի մասնակցին նաև Քրիստոնեայ ներկայացուցիչներ։ Եգիպտոսի մէջ մտավախութիւն կայ, որ երեկուայ միջադէպը վերածուի իսլամ –քրիստոնեայ հակամարտութեան մը ։
Կը նշուի նաև, որ երէկուան միջադէպը ամենարիւնալին է, Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Միւպարէքի պաշտոնաթողութենէն ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.