2011-10-11 12:51:03

Գանատայի Եպիսկոպոսները Կը Միջամտեն Ի Նպաստ Իրանցի Պատուելի Եուսեֆ Նատարխանիի։


Մահուան դատապարտուած, որովհետեւ դաւանափոխ եղած է մահմետականութենէն քրիստոնէութիւն։
Գանատայի կաթողիկէ եպիսկոպոսները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են, ի լուր իրանցի պատուելի Եուսեֆ Նատարխանիի մահապատիժի դատապարտութեան։ ֆրանսական դիւանագիտութիւնը, անցեալ 29 սեպտեմբերին, հաղորդած է Իրանի կառավարութեան թէ այս դատավիճիռը հակառակ է միջազգային քաղաքացիական ու քաղաքական իրաւունքի դաշնագիրին, որուն Իրանը կամայականօրէն ստորագրած է ինչպէս նաեւ հակառակ է իրանեան սահմանադրութեան որ կ'երաշխաւորէ կրօնքի եւ հաւատալիքի ազատութիւնը։
Գանատայի կաթողիկէ եպիսկոպոսները Իրանի կառավարութենէն կը խնդրեն ՜՜յարգել մարդու իրաւունքին հայող միջազգային համաձայնագիրը՝՝։ Թէեւ իրանցի պատուելիին մահապատիժի վճիռը առկախ մնացած է, սակայն ան տակաւին բանտ կը գտնուի ու կեանքը վտանգի մէջ է։ Ան իսլամութեան վերադառնալու ճնշումի ենթարկուած է։ Նշենք որ պատուելի Եուսեֆ Նատարխանի 34 տարեկան է եւ հայր` երկու զաւակներու։ Կը թուի թէ ան 19 տարեկանին քրիստոնեայ դարձած է ու ներկայիս հոգեւոր հովիւն է աւետարանական փոքր հասարակութեան մը, ճանչցուած ''Իրանի եկեղեցի'' անուան տակ։ 2009-ին ձերբակալուած է, եւ որպէս կրօնուրաց 2010-ի հոկտեմբերին՝ մահապատիժի դատապարտուած։ Սակայն երկրին Գերագոյն Ատեանը մահապատիժի վճիռը կեցուցած է ու պատուելին զղջումի հրաւիրած։ Գանատայի եկեղեցւոյ՝ ՜՜մարդու իրաւունքներու՝՝ նախագահը Իրանի կառավարութենէն կը խնդրէ որ յարգէ միջազգային իր յանձնառումները հայող մարդու իրաւունքներուն եւ միաժամանակ կը խնդրէ, որ պատուելի Եուսեֆ Նատարխանի եւ իրեն նման անհատներ, որոնք նոյն կացութեան մէջ կը գտնուին, ազատ արձակուին, Մարդու իրաւունքներու տիեզերական յայտարարութեան 18րդ յօդուածի հիման վրայ։









All the contents on this site are copyrighted ©.