2011-10-11 12:44:49

2011-ը՝ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ (Հռչակուած Արամ Ա. Վեհափառի Կողմէ) ։
՝՝ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԸ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ՝՝ ։
«Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն»: Առակաց 22: 6


Հայ մանուկին Աստուածաշունչի դաստիարակութեան գործընթացը պէտք է զարգանայ` հիմնուելով հետեւեալ հարցումին վրայ.
«Ինչո՞ւ պէտք է կրթենք հայ մանուկը»:
Հայկական իրականութենէն մեկնելով `անպայման հարցում մը կը ծագի մեր մտքերուն մէջ. «Ինչո՞ւ պէտք է կրթենք հայ մանուկը»: Պատասխանը պարզ է. որպէսզի ունենանք եւ պատրաստենք հայ նոր սերունդը`այսօրուան համար, բայց անպայման վաղուան համար` իր ամբողջական մշակոյթի ժառանգորդի հասկացողութեամբ: Հայուն ամբողջական մշակոյթը իր ազգային ինքնութիւնն է, լեզուն եւ պատմութիւնը, երգն ու գրականութիւն. աւելի՛ն, Ցեղասպանութիւնն ու պահանջատիրութիւնը, նաեւ` քրիստոնէական հաւատքը:Կարելի չէ հայը պատկերացնել միայն ազգային ինքնութեամբ` առանց ներառելու քրիստոնէական հաւատքը, նաեւ կարելի չէ հակառակը ընել :

Եթէ այսօր պիտի խօսինք հայուն քրիստոնէական հաւատքին, նկարագիրին ու ինքնութեան մասին, ապա կարելի չէ այս մէկը ընել առանց հիմնաւորելու Աստուածաշունչի կարեւորութիւնը մեր սերունդներուն դաստիարակութեան մէջ: Հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ Աստուածաշունչը եղաւ կարեւոր հիմքերէն մին մեր ամբողջական մշակոյթի հասկացողութեան մէջ: 301թուականին հայը ընդունեց քրիստոնէութիւնը` որպէս պետական կրօն եւ դարձաւ ՝՝առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը՝՝: Սակայն կարիք զգացուեցաւ հայերէն գիրեր ունենալու, որպէսզի Աստուածաշունչը թարգմանուի հայերէնի եւ հայը արմատանայ իր քրիստոնէական հաւատքին մէջ, եւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը կոչուեցաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց»:
Աստուածաշունչի դերին եւ կարեւորութեան մասին խօսելու համար պէտք է հիմք ունենանք պատմական իրողութիւններն ու ճշմարտութիւնները: Եւ հոս կ՛արժէ անդրադառնալ հայերէնով տրուած անունին` Աստուածաշունչ , այսինքն`Աստուծոյ շունչը, իսկ պարզ է այն, որ շունչը կեանք է, առանց որուն` կարելի չէ ապրիլ: Եթէ հայ մանուկը պիտի դաստիարակենք Աստուածաշունչով ,ուրեմն Աստուծոյ շունչը պիտի սրսկենք անոր վրայ, անոր հոգիին եւ մատղաշ կեանքին մէջ պիտի սերմանենք Աստուծոյ շունչը: Իսկ ո՞վ պիտի ընէ այս մէկը. ծնողք, մեծ ծնողք, ընտանեկան յարկ, եկեղեցի եւ դպրոց: Իրարու առնչուած եւ իրարմով ամրապնդուող օղակներ, որոնք պիտի կազմեն մանուկին քրիստոնեայ դաստիարակութեան, այլ խօսքով `Աստուածաշունչի դաստիարակութեան հիմերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.