2011-10-09 10:25:19

Փաքիստանի Եպիսկոպոսները Ու Իսլամ Պատասխանատուները Կը Պահանջեն Յարգանքը Աշխարհականացումի Դրութեան, Ընդգծելով Որ Հայհոյանքի Օրէնքը Սահամանադրական Թերութիւն Մըն Է։


Անոնք կը պահանջեն իրաւունքի եւ աշխարհիկ դրութեան երաշխաւորոււմ Փաքիստանի մէջ։ Անոնք նաեւ կը խնդրեն օրինականութիւնը ու յարգանքը արդարութեան։ Միաժամանակ կոչ կ'ուղղեն որպէսզի փրկուի կեանքը Ասիա Պիպիի` քրիստոնեայ պարմանուհիին որ մահուան դատապարտուած է քանի որ ամբաստանուած է որպէս ''հայհոյիչ''։ Իսլամապատի առաջնորդը գերապայծառ Ռուֆին Անթոնի մամուլին հետ ունեցած ելոյթով մատնանշած է հարկաւորութիւնը բաժնելու պետութիւնը կրօնքէն։ Իր կարգին Իսլամապատի մահմետական կրօնքի պատասխանատուն շեշտած է մարդկային կեանքի նուիրականութիւնը եւ միաժամանակ ընդգծած է հարկաւորութիւնը տարածելու Փաքիստանի ընկերութեան մէջ, դրական արժէքները հիմնուած՝ մարդկային արժէքներու յարգանքի, իրաւունքի ու արդարութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.