Շաբաթ 8 Հոկտեմբերին Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցի Համաձայն Տօնն Է Սրբոց Թարգմանչաց։ Ս.
Թարգմանիչ Վարդապետներու տօնը հայ ժողովուրդի ամենանուիրական և սիրուած ազգային-եկեղեցական
տօներէն է: Հայ Եկեղեցին սուրբ թարգմանիչ վարդապետներու անուան ներքեւ կը տօնէ Մեսրոպ
Մաշտոցի, Եղիշէ Պատմիչի, Մովսէս Խորենացիի, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայի, Գրիգոր Նարեկացիի
եւ Ներսէս Կլայեցիի (Շնորհալի) պայծառ յիշատակը:
Ս. Թարգմանիչները իրենց անսահման
ջերմութեամբ և հաւատքի լոյսով ցրեցին տիրող խաւարն ու ջերմացուցին հայ մարդու հոգին:
Անոնց շնորհիւ Աստուածաշունչ մատեանը հայերէն թարգմանուեցաւ, եւ հայը առաջին անգամ ըլլալով
հնարաւորութիւն ունեցաւ իր մայրենի լեզուով կարդալու Աստուծոյ կենդանի խօսքը: Սրբազան
թարգմանիչները իրենց լայն գործունէութեամբ նպաստեցին Հայոց աշխարհի հոգևոր-մշակութային
զարթօնքին:
Ս. Գրքի թարգմանութեան յաջորդեցին, Եկեղեցւոյ Ս. Հայրերու բազմաբնոյթ
երկերու հայերէն թարգմանութիւնները, որոնցմէ շատեր այսօր, իրենց բնօրինակներու կորստեան
պատճառով, բնագրի արժէք ստացեր են:
Հայ Եկեղեցին սբ. Թարգմանիչ Վարդապետներու`
Մեսրոպի, Եղիշէի, Մովսէս Քերթողի, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայի, Գրիգոր Նարեկացիի և Ներսէս
Կլայեցիի (Շնորհալի) յիշատակը կը տօնէ Ս. Խաչի Դ Կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը:
Ս.
Մեսրոպ Մաշտոց (362-440) ստեղծած է Այբուբենը 405 թուականին: Ան հմուտ էր յունարէնի,
պարսկերէնի, ասորերէնի եւ վրացերէնի: Ս. Սահակ հայրապետի հետ միասին ան օժանդակած
է Հայ դպրութեան տարածման: Բացած է դպրոցներ, եկեղեցական արարողութիւնները հայացնելու
նպատակով կազմած է Պատարգամատոյց՝ «Մաշտոցի եւ Ժամագրքի նախնական տարբերակները», սկսած
է Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, գրած է քարոզներ: Վախճանած է 17 Փետրուար 440-ին Վաղարշապատի
մէջ եւ թաղուած Օշական գիւղին մէջ:
Ս. Եղիշէ Պատմիչ (~410 - ~470) գրած է «Վարդանանց
եւ հայոց պատերազմի մասին», Հայ մեծ պատմիչ եւ աստուածաբան եւ կրտսեր աշակերտ Ս. Սահակ
Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի::
Ս. Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսոփայ(~475-~550) Հայ մեծ
իմաստասէր, ծնած է Տարօնի Ներգին գիւղին մէջ: Հրապարակային փիլիսոփայական վէճերու մէջ
իր յաղթանակներուն համար ստացած է Անյաղթ տիտղոսը: Ան հիմնադիրն է Հայաստանի մէջ տրամանաբանական
գիտութիւններու: Դաւիթ Անյաղթի մեծագոյն գրական գործը «Սահմանք Իմաստասիրութեան» գործն
է որ մէկ հազարամեակ եղած է մեկնողական աշխատութիւններու առարկայ: Ս. Մովսէս
Քերթող Սիւնեցի (է. դար) Իր ծննդեան եւ մահուան թուականները անյսյտ են: Եղած է Է. դարու
երկրորդ կէսի աստուածաբան, թարգմանիչ, ծիսագէտ եւ երաժիշտ-տեսաբան:
Ս. Գրիգոր
Նարեկացի (951- 1003) Բանաստեղծ, երաժիշտ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տօնելի սուրբերէն:
Անոր ամենէն աւելի ծանօթ ստեղծագործութիւնն է «Մատեան Ողբերգութեան»ը, որ աւելի հանրածանօթ
է իբր «Նարեկ» աղօթագիրք:
Ս. Ներսէս Շնորհալի (1102 - 1173) Բանաստեղծ,
երաժիշտ, Ամենայն հայոց կաթողիկոս, Ներսէս Դ. Կլայեցի, կոչուեր է «Շնորհալի» իր բացառիկ
գիտութեան, առաքինի վարքին համապատասխան: Ան կրած է նաեւ բազմաթիւ այլ որակաւորներ, որոնցմէ
են «Երկրորդ լուսաւորիչ», «Եռամեծ վարդապետ», «Երանաշնորհ սուրբ», «համահրեշտակ» եւայլն:
Ներսէս
Շնորհալիի հոգեւոր բանաստեղծութիւնները թիւով շատ են: Անոնցմէ ամենէն աւելի ծանօթ է «Հաւատով
խոստովանիմ» աղօթքը, պարզ ու միաժամանակ խորաթափանց աղօթք մը: