2011-10-08 13:04:39

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Խօսքը Ինտոնեզիայի Եպիսկոպոսներուն։


Իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Ինտոնեզիայի եպիսկոպոսները, որոնք եկած են իրենց հնգամեայ այցը կատարելու ս. Պետրոսի յաջորդին, Նորին Սրբութիւնը անոնց խօսեցաւ միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան մասին, եւ շեշտեց որ կրօնական ազատութիւնը ստացուածք մը չէ այլ պէտք է միշտ աշխատանք տարուի անոր կիրարկումին համար։ Սրբազան Հօր գնահատումով կաթողիկէներուն համար կրօնական ազատութիւնը՝որ իրաւունք մըն է , կը կայանայ իրապէս եւ լիապէս կաթողիկէ հաւատքը ապրելու մէջ, նաեւ՝ Եկեղեցի շինելու իրաւունքը կարենալ սատարելու հասարակաց բարիքին։
Վերակոչելով ինտոնեզեան սահմանադրութիւնը, որ կրօնական ազատութիւն կ'երաշխաւորէ իր բոլոր բնակիչներուն, որոնց 85 տոկոսը մահմետական են, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը քաջալերեց եպիսկոպոսները որ իրենց կարելին ընեն պաշտպանելու ու յարգել տալու փոքրամասնութիւններու իրաւունքը։ Նոյնպէս` քրիստոնեաներէն խնդրեց որ յանձնառումով աշխատին միջկրօնական երկխօսութեան ի խնդիր։ Եպիսկոպոսին պարտականութիւնն է, շեշտեց Սրբազան Հայրը, քաջալերել միացեալ նախաձեռնութիւններու իրականացումը։ Նշենք որ Ինտոնեզիան, որ կը հաշուէ 240 միլիոն բնակիչ, աշխարհի առաջին իսլամ երկիրն է, այնտեղ կաթողիկէները կը ներկայացնեն երկրին 3 տոկոսը։ Բռնութիւնները յաճախակի են քրիստոնեաներու դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.