2011-10-08 13:08:19

Գերապայծառ Հինտեր Իր Խնդակցութիւնը Յայտնած Է Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակին Արժանացած՝ Տիկին Թաուաքուլ Քարմանին ։


Եէմէնի կաթողիկէ եպիսկոպոսը զուիցերացի Բոլ Հինտեր մեծարած է եէմէնցի խաղաղութեան համար մարտնչող տիկին Թաուաքուլ Քարմանին անոր խաղաղութեան նոպելեան մրցանակին արժանացած ըլլալուն համար։
Գերապայծառը յայտնած է որ այս տիկինը իր կեանքը վտանգած է մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր։ Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով՝ Սէուտական Արաբիոյ ու Եէմէնի առաքելական նուիրակը հաստատած է որ այս տիկինը, տագնապով խռոված երկրի մը մէջ, կը ներկայանայ որպէս ներգործող դրական ոյժ մը։
Իր խօսքին մէջ գերապայծառ Հինտեր ըսաւ նաեւ.՜՜ մաղթանքս է որ Եէմէնի այրերը ընդունին, որ ՜՜կիները՝՝ կարող են սատարել երկրին բարւոքումին եւ լաւագոյն ուղիները ցոյց տալու երկրին ապագային համար։
Յայտնենք թէ՝ տիկին Թաուաքուլ Քարմանի հետ, խաղաղութեան նոպելեան մրցանակին արժանացած են այլ երկու կիներ. Լիպերիոյ նախագահը` տիկին Էլեն Ճոնսոն Սիրլիֆ եւ մարդու իրաւունքներու համար մարտնչող լիպերիացի տիկին Լէյմա Կպուինը։








All the contents on this site are copyrighted ©.