2011-10-07 13:18:15

Բարի Կամք Ունեցող Բոլոր Մարդիկը Ասիզի Հրաւիրուած Են Մասնակցելու Խաղաղութեան Ուխտագնացութեան Ս. ֆրանչիսքոսի Քաղաքին Մէջ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ասիզի քաղաքը հրաւիրած է տարբեր կրօներու ղեկավարները, ուր 27 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ ''խորհրդածութեան, երկխօսութեան ու աղօթքի օր աշխարհի խաղաղութեան ու արդարութեան համար''։ Ճիշտ 25 տարի առաջ հոկտեմբեր 1986-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը կազմակերպած էր առաջին միջկրօնական հանդիպումը ս. ֆրանչիսքոսի քաղաքը։
26 հոկտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, ս. Պետրոսի հրապարակի վրայ պիտի նախագահէ աղօթքի արարողութիւն մը, որպէս պատրաստութիւն 27 հոկտեմբերին հանդիպումին։ Աշխարհի բոլոր թեմերը կանչուած են նման աղօթքի հանդիպում մը կազմակերպելու իրենց եկեղեցիներու մէջ։
Յաջորդ օրը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ասիզի քաղաքը շոքեկարգով կ'ուղղուի խօսելու բոլոր ուխտաւորներուն հետ, անոնք ըլլան հաւատացեալ թէ ոչ, առանց հրաժարելու իր ինքնութեան ու համոզումներու։
Ասիզիի հանդիպումը ժամը 10.15ին կը սկսի վերակոչելով անցեալի հանդիպումները։
Ապա խորհրդածութիւններ պիտի կատարուին օրուան նիւթին մասին. ''ճշմարտութեան ուխտաւորներ, խաղաղութեան ուխտաւորներ''։ Այս հանդիպումին յայտագիրը կը նախատեսէ տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը, վերապրելու միջկրօնական անցեալ երեք հանդիպումները. 1986, 1993 եւ 2002։ Ս. ֆրանչիսքոսի պազելիքային մէջ որոշ պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ միասին խօսք պիտի առնեն։ Կէսօրին` Աբբայարանի ճաշասեղանին մէջ համեստ ճաշ մը տեղի պիտի ունենայ, որուն պիտի յաջորդէ լռութեան պահ մը նուիրուած աղօթքի։
Յետմիջօրէին արարողութեան եկրորդ մասը պիտի սկսի, ուր բազմաթիւ երիտասարդներ ոտքով եւ լուռ ուխտագնացութիւն պիտի կատարեն դէպի Պազելիքան։ Հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը խօսք պիտի առնէ անսալէ ետք կարգ մը հոգեւոր ղեկավարներու միջամտութիւնները աշխարհի խաղաղութեան ի նպաստ։
Յաջորդ օրը, 28 հոկտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Վատիկանի մէջ պիտի ընդունի զանազան պատուիրակութիւններ, որոնք Ասիզիի հանդիպումին մասնակցեցան։
Նշենք որ Ասիզիի հանդիպումը կը կազմակերպէ Վատիկանի հետեւեալ քահանայապետական խորհուրդները. միջկրօնական երկխօսութեան, Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն ու Մշակոյթի պատասխանատու մարտմինը։ Այս վերջինը Ասիզի հրաւիրած է մտաւորական 5 աստուածամերժեր։







All the contents on this site are copyrighted ©.