2011-10-06 12:18:24

Վատիկանի Մատենադարանի Կառավարիչ Գերապայծառ Բազինին Այցելեց Պոլիսը։


29 սեպտեմբերէն - 1 հոկտեմբեր Վատիկանի Մատենադարանի կառավարիչ գերապայծառ Չէզարէ Բազինի այցելեց Պոլիսը մշակութային զանազան ձեռնարկներու մշակումի նպատակով։
30 սեպտեմբերին գերապայծառ Բազինին` ընկերակցութեամբ Թուրքիոյ եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի բանբեր` Տօքթ Րինալտօ Մարմարայի հանդիպում ունեցաւ Շիշլիի քաղաքապետ` Մուսթաֆա Սարըկիւլի հետ։, որ յառաջիկայ 10 հոկտեմբերին Սուրբ Աթոռի ու Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատման 50րդ տարեդարձի առթիւ պիտի ներկայացնէ Տօքթ Մարմարայի գիրգը։
Հոկտեմբեր 1ին գերապայծառ Բազինին այցելելով Պոլսոյ ընդհանուր Քաղաքապետ Գատիր Թոբպաշ անոր նուիրեց Կարտինալ Րաֆֆայելէ ֆարինայի կողմէ ղրկուած Թոլոմէոյի Աշխարահագիտութիւնը լատիներէն գրուած կրկնօրինակը։Նուէր մը որ շատ գնահատուեցաւ Քաղաքապետի կողմէ։ Ան իր կարգին բաղձանք յայտնեց այցելել Վատիկանը։
Իր կեցութեան ընթացքին Գերապայծառ Բազինին Ասորի Կաթողիկէ եպիսկոպոս գերապայծառ Եուսուֆ Սաղ-ի հիւրը եղաւ։ Բազինի գերապայծառի այս հակիրճ այցելութիւնը արդիւնաբեր այց մը նկատուեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.