2011-10-06 12:54:12

Մահացած ՝Վանուշ Խանամիրեանը ։


5 Հոկտեմբերին , 84 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Վանուշ Խանամիրեանը: Լուրը «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցած է «Բերդ» պարային համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարեն Գէորգեանը ։ Ըստ նախնական տեղեկութիւններու մահուան պատճառ կրնայ հանդիսացած ըլլալ թոքային անհանգստութիւնը , որ ի յայտ եկած էր շուրջ երկու շաբաթ առաջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.