2011-10-06 12:22:07

Հռոմ - Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի 45-րդ ամեակի նշում։


Երկուշաբթի 3 Հոկտեմբեր 2011-ին, ժամը 12:00-ին, Փալացցօ Փիօ կոչուած շէնքին մէջ (Յայտագիրներու Կեդրոն) տեղի ունեցաւ Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի 45-րդ ամեակի նշումը ներկայութեամբ՝ Ռատիօ Վատիկանի Ընդհանուր Տնօրէն ու Սուրբ Աթոռի Բանբեր՝ hայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի, Հաղորդումներու Տնօրէն՝ hայր Անտրէա Քոբրովսքիի, եւ Անձնակազմի բաժնի տնօրէն Տիար Ալպերթօ Կասպարրիի` ու երաժշտութեան եւ հաղորդումներու բոլոր բաժիններու պաշտօնեաներուն ։Ներկայ էին նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը, Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի ներկայացուցիչ՝ հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեան, եւ Ռատիօ Վատիկանի 44 յատագիրներու 65 տարբեր երկիրներ ներկայացնող աւելի քան 200 լրագրողները։
Բացման խօսքը կատարեց հաղորդումներու տնօրէն՝ հայր Անտրէա Քոբրովսքի յատկապէս անդրադառնալով Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի խմբագրական կազմի մտահոգութիւններուն ու մանաւանդ այն հարցադրանքին թէ ի՞նչպէս կարենալ ծառայել թէ հայրենիքի` Հայաստանի մէջ գտնուող հայութեան եւ թէ լայնածաւալ սփիւռքահայութեան: Ան մեծ կարեւորութիւն ցուցաբերեց 2012-ի ''Նոր Աւետարանացումի'' մասին Վատիկանի մէջ գումարուելիք Եպիսկոպոսական Սիւնոդհոսին, կոչ ուղղելով բոլորին լաւագոյն ձեւով պատրաստուելու այս կարեւոր ժամադրութեան ։Հայր Քոբրովսքին ապա առիթէն օգտուելով շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Ռատիօ Վատիկանի հայերէն հաղորդումներու երբեմնի պատասխանատու Սարկաւագ Միշել Ժանժիի-ն որ անցեալ օգոստոս 1ին` տարիքի բերումով` 20 տարիներ ամբողջ վարելով Ռատիօվատիկանի Հայակական հաղորդումներու պատասխանատուի պաշտօնը եզրափակած էր իր ծառայութիւնը եւ դօշակի արժանացած, Հայր Քոբրովսքի ապա իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց հաղորդումներու նոր պատասխանատու ՝ Ռոպէր Աթթարեանին ու անոր գործակիցներուն։
Հուսկ խօսք առաւ Ռատիովատիկանի հայակական Բաժնի պատասխանատուն Ռոպեր Աթթարեան որ իր կարգին շնորհակալութիւնը յայտնեց Վատիկանի Ձայնասփիւռի տնօրէնութեան ու բոլոր ներկաներուն ինչպէս նաեւ յատուկէն երախտագիտութիւնը յայտնեց Միշել Ժանժիին տարիներու ընթացքին տարած իր աշխատանքին համար։ Տիար Աթթարեան ապա եզրափակեց խօսքը ըսելով <<այս 45 տարիներու նշումի հանգրուանը պարզապէս նոր մէկնակէտ մըն է որուն առջեւ կան լայնածաւալ մարտահրաւէրներ։ Վստահ եմ ( ըսաւ ան ) որ միասնաբար պիտի կարենանք դիմագրաւել այս մարտահրաւէրները ,ու վեհանձնութեամբ պիտի ծառայենք Աստուծոյ Այգիին մէջ։>>
Տօնակատարութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանահայ ջութակահար՝ պրն. Շանթ Էսքէնեան: Ան այս առթիւ բոլոր ներկաներուն ծանօթացուց հայուն ինքնութիւնը, անոնց հրամցնելով հայկական երաժշտութիւն ու շարականի կտորներ.
Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն մը հայկական համադամներով:
Յիշեցնենք, որ Ռատիօ Վատիկանի հայերէն ամէնօրեայ հաղորդումները սկիզբ առած են 1966-ի մայիսի 29-ին՝ քառորդ ժամուայ երկարող շաբաթական երկու հաղորդումներով: 1975-ին է որ հայկական հաղորդումները դարձան առօրեայ սփռում եւ երկար տարիներէ ի վեր 19 վայրկեան տեւող հաղորդումները ուղղուած են Հայաստանի բնակիչներուն ու նաեւ սփիւռքի տարածքին գտնուող բոլոր հայերուն: Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական հաղորդումները զուգահեռ կը յառաջանան ներկայ ընկերութեան պահանջքներուն ընդառաջելով, գործածելով միաժամանակ լրատուական ամենաարդի թէքնիք մեթոտները:
Կարելի է հետեւիլ Ռատիօ Վատիկանի հաղորդումներուն (նաեւ հայերէնով) ոչ միայն ձայնասփիւռի դրութեամբ, այլ նաեւ համացանցի միջոցաւ՝ այցելելով Ռատիօ Վատիկանի Կայքէջը՝ :








All the contents on this site are copyrighted ©.