2011-10-06 12:17:50

Ափրիկեան Ծոցի Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս


Ուրբաթ 7 հոկտեմբեր 2011ի առաւօտեան ժամը 12ին Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնի մէջ տեղի կ՛ունեանյ մամլոյ տեղեկատուութիւն Գոր Ոինում (Մէկ Սիրտ) վատիկանի քահանայապետական բարեգործական մարմնի խորհուրդի եւ այլ կաթողիկէ բարեգործական ընկերակցութիւններու նախաձեռնութեամբ` որոնք մօտէն կը հետեւին Ափրիկեան Ծոցի ողբերգրական իրադարձութիւններուն։
Մամլոյ ասուլիսի ընթաքցին ելոյթ կ՛ունենան Գոր Ունում մարմնի խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Րոպէր Սարա, Մոկատիշոյի առաքելական կառավարիչ գերապայծառ Ճորճիօ Պերթին, Տիար Միշել Րոյ Գարիթաս Ինթերնացիոնալիսի ընդհանուր գարտուղար եւ Տիար Գեննէթ Հագէթ Catholic Relief Services տնօրէն։ Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ` Ափրիկէի մէջ գործող կաթողիկէ բարեգործական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.