2011-10-05 13:01:16

Ֆրանսան Հայաստանի Կը Նուիրէ Ռոտէնի ՝՝Ժիւլ Պասդիէն Լըբաժի՝՝ Արձանը։


Վաղը` Հոկտեմբեր 6ին, երկօրեայ պետական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի: Այցի ծիրէն ներս Ֆրանսայի նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հետ, պիտի այցելէ Մեծ Եղեռնի Յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ Երեւանի մէջ Նիքոլա Սարքոզի Սերժ Սարգսեանի հետ միասին պիտի մասնակցի նաեւ Շառլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանի բացման, ներկայ պիտի գտնուի Օկիւսթ Ռոտէնի հեղինակած Ժիւլ Պասդիէն Լըբաժի արձանի նուիրատուութեան արարողութեան:
Սոյն Քանդակը Ֆրանսայի Հանրապետութեան նուէրն է Հայաստանի Հանրապետութեան:









All the contents on this site are copyrighted ©.