2011-10-05 15:03:50

Ֆրանսայի Իշխող ՝՝Միութիւն Յանուն Ժողովրդային Շարժում՝՝ Կուսակցութիւնը հայերուն Խորհուրդ Կուտայ Ընկերվարական Ընդդիմութեան Ծուղակը Չիյնալ։


Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի գլխաւորած ՝՝Միութիւն Յանուն ժողովրդային շարժում՝՝(UMP) կուսակցութիւնը Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ֆրանսուա Հոլանտի` Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ծերակոյտի օրակարգ բերելու վերաբերեալ խոստումներուն առնչութեամբ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ խիստ քննադատութեան ենթարկած է ընկերվարականները` զանոնք մեղադրելով երկդիմութեամբ :

Յիշեցնելով, թէ նախորդ քուէարկութեան ընթացքին Ծերակոյտին մէջ ընկերվարականները օրինագիծին դէմ քուէարկած էին, իշխող կուսակցութեան երեսփոխանները յայտարարած են. «Մինչեւ հիմա միայն քանի մը ընկերվարականներ համարձակութիւն ունեցած են ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հիմա ընկերվարականները կը պահանջեն օրակարգ բերել այդ փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, եւ ատիկա այն պարագային, երբ անոնց մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան անդամ դարձնել: Ընկերվարականներուն կողմէ այդ օրինագիծը օրակարգ բերելու մասին յայտարարութիւնը պարզապէս ամբոխավարութիւն է»:
Ֆրանսայի իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչները միեւնոյն ժամանակ ֆրանսահայերուն կոչ ուղղած են` ընկերվարականներուն լարած թակարդը չիյնալու:









All the contents on this site are copyrighted ©.