2011-10-05 12:56:21

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Զորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 5 հոկտեմբեր 2011 առաւօտեան ժամը 10.30ին Պենետիկտոս ԲԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրիութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու։ Ունկնդրութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը սրտափուխ կոչ մը ուղղեց օգնութեան հասնելու ողբերգրական վիճակի մէջ ապրող ափրիկեան ծոցի բնակչութեան։
Ինչպէս ամէն չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւնը մը կատարեց ու իր խօսքը կեդրոնացուց 23րդ սաղմոսի վրայ։
Սիրեցեալ Եղբայրներ ու քոյրեր ըսաւ նորին սրբութիւնը 23րդ սաղմոսը կը խօսի Տիրոջ մասին որպէս բարի հովիւ։ Պատկեր մը որ կը ցուցաբերէ մտերմութիւն ու գուրգուրանք հանդէպ իր հօտին։ Ան զանոնք կը ճանչնայ մէկ առ մէկ։ Իրեն կը հետեւին որովհետեւ զանոնք կ՛առաջնորդէ դաալար խոտերու մարգերու վրայ։ Հօտին ապահովութիւնը հովիւին առաջնակարգ մտահոգութիւնն է։ Մենք ալ եթէ հետեւինք Բարի Հովիւին վստահ կրնանք ըլլալ թէ Ան մեզ պիտի առաջնորդէ։ Ճանապարհորդութեան կէտնպատակը տունն է` տաճարը` խաղաղութեան վայրը ուր ցնծութեաբ կը յայտնաբերուի Աստուծոյ բարիութիւնը անվերջ ժամանակի մէջ։ Այս պատկերները իսրայելի ժողովուրդին պատմութեան ընկերացան։ Յիսուսի հետ անոնք կը գտնեն իրենց մաբողջական իմաստը։ Միշտ հետեւելով իր ոչխարներուն Ան Արքայազն հովիւն է, խոնարհ մեսեան որ մեզ կ՛առաջնորդէ երկնքի խրախճանքը։
Այս խորհրդածութեեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու յատուկօրէն խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն զանոնք յանձնելով Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիի բարեխօսութեան որուն տօնը նշուած էր 4 հոկտեմբերին։
Ու ապա տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.