2011-10-05 13:00:43

Մոսկուայի Կիւրեղ Պատրիարքը Իր Յարգանքն Ու Սէրը Կը Յայտնէ Հանդէպ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։


Մոսկուայի Կիւրեղ պատրաիրքը խնդրեց կարտինալ Ժոսէֆ Թոմքոյէն` Սրբազան Քահանայապետի պատուիրակը, որ Սրբազան Հօր հաղորդէ իր յարգանքի ու եղբայրական սիրոյ զգացումները, կը հաղորդագրէ Ինդերֆաքս ռուսական գործակալութիւնը։ Յայտնենք որ կարտինալ Թոմգօ Մոսկուայ այցելած է որպէս Սրբազան Քահանայապետի պատուիրակ գլխաւորելու Մոսկուայի Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան նուիրուած կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնարկութեան 100ամեակը։ Կարտինալը իր գոհունակութիւնը յայտնած է ի տես Ռուսիոյ եկեղեցիները վերակենդանացումին եւ ողջունեց ռուս ժողովուրդի հոգեւոր վերազարթօնքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.