2011-10-05 12:57:52

Միջկրօնական Հանդիպում Փարիզի Մէջ Ասիզիի Հանդիպումէն 25 Տարի Ետք։


Մեծ կրօներու առաջին հնդիպումին, Ասիզի, 25րդ տարուան առթիւ Փարիզի առաջնորդը Սանդ'էճիտիօ հասարակութեան հետ միասին կը կազմակերպեն կրօներու հանդիպում խաղաղութեան համար, 27 հոկտեմբեր 2011ին։ Փարիզի Մարդու Իրաւուքներու հրապարակի վրայ համախումբումին կը մասնակցին կաթողիկէ, բողոքական, օրթոտոքս, հրեայ, մահմետական եւ պուտտայական կրօներու պատասխանատուներ։
Նախապէս պատրաստուած խաղաղութեան պատգամ մը, ստորագրուած վերոյիշեալ ներկայացուցիչներէն, պիտի յանձնուի Փարիզի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմիններու։ Հրապարակին կեդրոնը հսկայական մոմ մը պիտի վառուի եղբայրակցութեան ի նշան ։
Նշենք որ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը 1986-ին Ասիզիի մէջ համախմբած էր տարբեր կրօներու ներկայացուցիչներ եւ զանոնք հրաւիրած` աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար։
յառաջիկայ 27 հոկտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նոր հաւաք մը կը կազմակերպէ տարբեր մեծ կրօներու ղեկավարներու հետ Ասիզիի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.