2011-10-05 13:01:25

Արամ Ա. Կաթողիկոս Լոս Անճըլըսի Մէջ։


Երեքշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Լոս Անճելըս` սկսելու համար իր հովուապետական պաշտօնական այցելութեան, որ պիտի տեւէ մինչեւ հոկտեմբերի աւարտը:
Այս այցելութեան ընթացքին Վեհափառը կարեւորութեամբ պիտի շեշտէ հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը, հայ դպրոցի վերակազմակերպումը ու ազգային պահանջատիրութեան վերահզօրացումը: Լոս Անճելըսի, Ֆրեզնոյի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Քալիֆորնիոյ այլ քաղաքներու մէջ Վեհափառը պիտի այցելէ եկեղեցիներ, դպրոցներ ու առիթներ պիտի ունենայ ժողովուրդին հետ ըլլալու: Վեհափառը նաեւ Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն համալսարաններէն` Քալիֆորնիոյ Համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը պիտի տայ, հանդիպումներ պիտի ունենայ երիտասարդութեան, ինչպէս նաեւ մտաւորականներու ու թեմական իշխանութեան հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.