2011-10-04 14:37:54

Ռուսիոյ Գրողներու Միութիւնը Հայ Ժողովուրդին Պիտի Նուիրէ Ալեքսանդր Բուշկինի Արձանը։


Ռուս մեծանուն գրող Ալեքսանդր Բուշկինի արձանը շուտով Մոսկուայէն պիտի տեղափոխուի Երեւան: Ատիկա պիտի ըլլայ Ռուսիոյ գրողներու միութեան նուէրը՝ հայ ժողովուրդին: Այս մասին Հոկտեմբեր 3ին, Ռուսական խօսքի օրերու բացման ծիրին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց Հայ-Ռուսական համագործակցութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնակցութեան դեսպանատան խորհրդական Վիքթոր Քրիվոփուսքով:

«Ռուսական խօսքի օրերու ծիրին մէջ մտադիր ենք այցելել Հայաստան գտնուող «Բուշկինի հեղեղատ»ը, որ կը գտնուի Լոռիի մարզին մէջ», նշեց ան: Ինչպէս յայտնի է, Լոռիի մարզի Գարգառ գիւղի մօտակայքը գտնուող հեղեղատին մէջ Ա. Բուշկին տեսած է Պարսկաստանէն Ռուսիա տեղափոխուող Ալեքսանդր Կրիպոյետովի դիակը:
Վ. Քրիվոփուսքովի խօսքով, Երեւանի մէջ Բուշկինի արձանի տեղադրման մանրամասնութիւնները տակաւին կը քննարկուին: Ան տեղեկացուց, որ Հոկտեմբեր 7ին Երեւանի մէջ պիտի բացուի Ռուսական Գիրքի Խանութ, իսկ Մոսկուայի մէջ՝ Հայ Գրականութեան Տուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.