2011-10-04 14:37:26

ՀՀ Վարչապետըը Կ՝ընդունի Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահը։ Լիբանանի Խորհրդարանի Պատուիրակութիւնը Կ՝այցելէ Ծիծեռնակաբերդ ։


Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան այսօր 4 հոկտեմբեր ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը Նեպիհ Պերրիին:
Այս առթիւ , Նեպիհ Պերրի տեղեկացուց թէ յառաջիկային Հայաստան կ՝այցելեն Լիբանանի նախագահը, վարչապետը ու Արտգործ-նախարարը: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը ըսած է որ Լիբանանի հայ համայնքը մեծ ներդրում ունի իր երկրի զարգացման գործին մէջ եւ կը հանդիսանայ յուսալի ու ամուր կամուրջ՝ երկու բարեկամ երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ:
Միւս կողմէ Լիբանանի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը՝ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ, Հոկտեմբեր 3ին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը: Լիբանանի պատուիրակութեան կ՛ուղեկցէր Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը ծաղկեպսակ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին առջեւ ու յարգեց անոնց յիշատակը անմար կրակին մօտ: Ն. Պըրրի այցելեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, ուր ծանօթացաւ ցուցադրուող նիւթերուն, ապա արձանագրութիւն կատարեց պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ, ուր մասնաւորապէս նշեց. «Կը ցաւիմ հայ ժողովուրդի ողբերգութեան համար: Այս զոհերը իրենց հասակով արմատ նետած են հայոց հողին մէջ: Եւ այդ արմատներուն վրայ ալ դեռ կանգուն է Հայաստանը»:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ ասիկա առաջին անգամը չէ որ Հայաստան կու գայ, բայց ամէն անգամ նոյն ցաւը կ՛ապրի՝ գտնուելով Ծիծեռնակաբերդի մէջ:
Ն. Պըրրի եղեւնի տնկեց Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող «Յուշերու Պուրակ»ին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.