2011-10-04 14:37:44

Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ «Հայֆեսթ-2011» Փառատօնը։


Հոկտեմբեր 1ին Ստանիսլավսկիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոնին մէջ բացուեցաւ «Հայֆեսթ-2011» Թատերական 9-րդ Միջազգային փառատօնը: Բացման արարողութեան հրաւիրուած էին յայտնի դերասաններ, թատրոններու ղեկավարներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ այլն: Բացման ժամանակ փառատօնի նախագահ Արթուր Ղուկասեան, ողջունելով բոլոր ներկաները՝ ըսաւ, որ փառատօնը կարծէք ամսագիր ըլլայ, որուն իւրաքանչիւր համարին, թատերասէրները անհամբեր կը սպասեն: Բացման արարողութենէն անմիջապէս ետք հանդիսատեսի դատին ներկայացուեցաւ Հունգարական «Փի Ար Էվալուշն» թատրոնի «Կապոյտ մարդիկ» ներկայացումը:
«Հայֆեսթ-2011» միջազգային 9րդ թատերական փառատօնը պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 8: Այս տարի փառատօնին հանդէս կուգան 18 երկիրներէ 30 թատերախումբեր՝ 60 ներկայացումով: Փառատօնի ուշագրաւ հիւրերէն են Մեծն Բրիտանիայէն Էտինպըրկի «Փրոթօթայփ» թատրոնը: Առաջին անգամ պիտի կայանայ «Մենութեան թանկօ» ներկայացումը՝ Բրիտանիայէն, որուն բեմադրիչն է Պիլլի Քոուի: Կը սպասուի Փերմի շրջանի մշակոյթի նախարար Նիքոլա Նովիչքովի ու փոխվարչապետ Պորիս Միլկրամի ներկայութիւնը, քանի որ այս տարի «Միհր» թատրոնը Հայաստանը ներկայացուցած է «Սպիտակ գիշերները Փերմի մէջ» արուեստներու փառատօնին:
Կ՛ակնկալուի նաեւ փառատօնի նախագահ Վերոնիքա Վայսմանի այցելութիւնը եւ հանդիպումը մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի հետ:
Փառատօնին կ՛ակնկալուի տիկնիկային, երաժշտական, պարային եւ այլ բեմադրութիւններու կայացումը: Պիտի մասնակցին Դանիայէն, Իտալիայէն, Հունգարիայէն, Լաթվիայէն, Պուլկարիայէն եւ այլ երկիրներէ անհատներ:
Փակումը պիտի կատարուի Բրիտանիոյ եւ Վրաստանի միացեալ «Քափիթան Քորելիի ընտրութիւնը» ներկայացումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.