2011-10-04 14:49:37

Գերմանացի Եպիկոպոսներու Հերթական Ժողովը ֆուլտայի Մէջ։


Գերմանացի եպիկոպոսները 4- 7 հոկտեմբեր, ֆուլտա քաղաքի մէջ կը գումարեն իրենց հերթական ժողովը, նախագահութեամբ՝ ֆրիպուրկի արքեպիսկոպոս կարտինալ Զոլլիթչի ու մանսկացութեանմբը Գերմանիոյ եպիսկոպոսական դասի անդամ 68 եպիսկոպոսներուն։
Հանդիպումը առիթ պիտի ըլլայ քննարկելու՝ Սրբազան Քահանայապետին Գերմանիա կատարած այցելութեան արձագանգները եւ վերլուծելու Նորին Սրբութեան արտասանած ճառերը եւ քարոզները։ Ասկէ զատ Գերմանիոյ եպիսկոպոսական Համահաւաք դասը պիտի քննարկէ 2012-ին գումարուելիք եպիսկոպոսներու Նոր Աւետարանցումի մասին Սիւնոդոսի պատրաստութիւնները ու Կաթողիկէ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացման գործնթացքը։
Հուսկ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը պիտի ընտրէ նոր նախագահ մը ու փոխ նախագահ, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսական յանձնախումբերու զանազան պատասխանատուները։
Սոյն ժողովին իր մասնկացութիւնը կը բերէ նաեւ Գերմանիոյ Սուրբ Աթոռի Նուիրակը՝ Ժան Գլոտ Արք. Բէրիսսէն։
Չորեքշաբթի 5 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 7.30-ին, տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Պատարագի բացման արարողութիւնը, մինչ ժողովի նիստերու փակումը նախատեսուած է հոկտեմբեր 7ի՝ ժամը 14ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.