2011-10-04 14:42:49

Աստուածային Սիրոյ Ողորմութեան Համաշխարհային Երկրորդ Վեհաժողովը Գրագովիայի մէջ։


''Աստուածային սիրոյ Ողորմութեան համաշխարհային երկրորդ վեհաժողովը'' տեղի կ՛ունենայ 1- 5 հոկտեմբեր, Լաճիէվնքիի սրբավայրի Աստուածային ողորմութեան միջազգային կեդրոնի մէջ, այն վայրէն որ Սրբուհի ֆաուսթինա Գովալսքան (1905-1938) աշխարհին տարածեց Տիրոջ անհուն գթութեան պատգամը։
Քրիստոս ինքզինք յայտնած է սիրոյ ողորմութեամբ տոգորուած, գլխաւորապէս երկու անձերու, անցեալ դարու ընթացքին, Սրբուհի Ֆաուսթինա Գովալսքա՝ լեհ մայրապետին եւ Քոյր Սբերանցային, որ վերջերս՝ 1983-ին վախճանեցաւ ։ Այս վերջինը հիմնեց Ողորմած Սիրոյն զոյգ միաբանութիւններ՝ կրօնաւորներու ու կրօնաւորուհիներու, ինչպէս նաեւ շինել տուաւ սքանչելի սրբավայր մը Իտալիոյ Ումպրիա շրջանի` Գոլլեվալենցա գիւղին մէջ։
Վեհաժողովի բանաբանն է <<Ողորմութիւնը որպէս յոյսի աղբիւր>> անիկա առիթ պիտի տայ ժողովականներուն խորհրդածելու՝ Աստուծոյ սիրոյ ողորմութեան մասին <Նոր Աւետարանացումի>> ճանապարհով ու փնտռելու երրորդ հազարամեայի համար նորանոր մեթոտներ վկայելու՝ Աստուծոյ նախախնամական գթութիւնը հանդէպ մարդկութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.