2011-10-03 15:07:12

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Երկխօսութեան Ու Աղօթքի Խաղաղութեան Օրուան Առթիւ Ասսիզի Կը Հրաւիրէ Նաեւ՝ Աստուածամերժերը, ։


Ասսիզիի մէջ, 27 հոկտեմբեր 2011ին տեղի ունենալիք ՜՜Երկխօսութեան ու աղօթքի խաղաղութեան՝՝ օրուան առթիւ, աստուածամերժերը եւս իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այդ օրուան հանդիպումին։ Կլոր սեղան մը նախատեսուած է 26 հոկտեմբերին Հռոմի երրորդ համալսարանի մէջ, որուն պիտի գլխաւորէ իտալացի իմաստասէր Մառամաօ` անդամ Փարիզի իմաստասիրութեան միջազգային ճեմարանին։
Կլոր սեղանին նպատակն է, բանակցիլ ''ճշմարտութեան ուխտաւորներ, խաղաղութեան ուխտաւորներ'' նիւթին շուրջ։ Յայտնենք որ Ասսիզիի միջկրօնական հաւաքը, չորրորդն է որ Քահանայապետէն գլխաւորուած է, յետ 1986ի, 1993ի, եւ 2002-ի հաւաքներուն։
Հաւաքին մասնակցողները հրաւիրուած են Սրբազան Քահանայապետին հետ շոգեկառքով երթալ Ասսիզի։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը որպէս ուխտաւոր կը մեկնի Ասսիզի` խորհրդանիշը եղբայրակցութեան ու խաղաղութեան։ Այդ հաւաքին հրաւիրուած են տարբեր դաւանանքի պատկանող քրիստոնեաները, աւանդական կրօններու ներկայացուցիչները ու բարի կամք ունեցող մարդիկ։








All the contents on this site are copyrighted ©.