2011-10-03 15:05:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Այսօր 3 հոկտեմբեր 2011-ի՝ առաւօտեան ժամը 11-ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչ կարտինալ Մարք Ուելլէն ապա ժամը 11.40-ին, ունկնդրութիւն շնորհեց Ինտոնեզիայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասէն 7 եպիսկոպոսներու, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Նշենք որ անցեալ շաբաթ օրը, մէկ հոկտեմբերին Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կնտոլֆոյի ամարանոցէն հրաժեշտ առնելով վերջնականապէս վերադարձաւ Վատիկան, ու յառաջիկայ կիրակի՝ 9 հոկտեմբերին, Նորին Սրբութիւնը միօրեայ Հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Իտալիոյ Լամեցիա Թերմէ եւ Սէրրա Սան Պրունօ թեմերուն։
Իսկ երէկ՝ կիրակի 2 հոկտեմբերին, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին կատարած իր խորհրդածութեան մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ շեշտը դրաւ Աստուծոյ այգիին մէջ աշխատողներու մեծ պատասխանատուութեան վրայ , զանոնք հրաւիրելով նորոգելու իրենց հաւատարմութիւնը Քրիստոսի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.