2011-10-03 14:37:29

Նիւր Եորքի Մէջ Աւելի Քան 700 Ցուցարարներ Ձերբակալուած.


Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է « Գրաւէ Ուոլ Սթրիթը » նախաձեռնութեան մասնակից աւելի քան 700 ցուցարարները, որոնք շաբաթ երեկոյեան քանի մը ժամով փակած էին Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Պրուքլինի կամուրջը: Անոնք խուլիկանութեամբ եւ օրինազանցութեամբ կը մեղադրուին:
«Գրաւէ Ուոլ Սթրիթը » նշանաբանով ցոյցերու շարքը սկսաւ սեպտեմբերի կէսին: Ցուցարարները Նիւ Եորքի սակարանի շէնքին մօտ վրանային ճամբար հիմնած՝ պարբերաբար Ուոլ Սթրիթի մէջ բողոքի տարբեր արարքներ կը կազմակերպեն` ելեւմուտքի մարզի գործիչներուն ժլատութեան, ընկերային անհաւասարութեան, դրամատուներուն նկատմամբ ցուցաբերուող պետական աջակցութեան եւ այլ ընկերային հարցերու գծով:








All the contents on this site are copyrighted ©.