Լոս Անճէլըսի Հայկական Կազմակերպութիւններու Բողոքի Դիմաց Հրեշտակներու Քաղաքի քաղաքապետութիւնը
Ջնջած՝ Թուրքիոյ Կողմէ Ղրկուած Մէհթէրի Խումբին Տողանցքը։
Քաղաքի հայերը դիտել տուած են որ անհանդուրժելի է Օսմանեան Ենիչէրիները ներկայացնող
մարդոց կողմէ թրքական դրօշակներով, պետական զինանշանով եւ սուրերով կատարուած նմանօրինակ
գնացք մը։ Հայկական կազմակերպութիւնները դիտել տուած են որ այսպիսի ցոյց նը նախատինք
է Ամերիկահայութեան,Ենիչէրիները Օսմանեան շրջանին հանդիսացած են հայերու եւ միւս Քրիստոնեայ
ժողովուրդներու ամենէն կատաղի մարդասպանները,ուստի նման ցոյց մը պիտի նշանակէ որ Հոլիվուտը
թատերաբեմ դառնայ ահաւոր սպանդի մը տօնակատարութեան։ Հայկական կազմակերպութիւններու
այս խիստ հակազդեցութեան դիմաց Լոս Անճէլըսի քաղաքապետական վարչութիւնը ջնջած է Մէհթէրեան
Խումբի ցոյցը։