2011-10-02 09:33:31

Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր։
Վիկտոր Համբարձումեան (1908-1996). Աշխարհահռչակ Աստղագէտն ու Հաւատաւոր Հայը ։


Սեպտեմբեր 18ին հայ ժողովուրդը նշեց ծննդեան տարեդարձը իր մեծագոյն զաւակներէն Վիկտոր Համբարձումեանի։
Արդի աստղագիտութեան անվիճելի հսկաներէն եղաւ 1908ին, Թիֆլիսի մէջ, Համազասպ Համբարձումեանի յարկին տակ ծնած հայ գիտական մտքի այս բացառիկ ծնունդը։
Վիկտոր Համբարձումեան երիտասարդ տարիքէն աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ իբրեւ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն աստղագէտներէն մէկը։ Ուսանողական տարիներէն իր անունին կապեց համաշխարհային տարողութեամբ գիտական յայտնագործումներ։ Եղաւ հիմնադիրն ու ղեկավարը, 1934ին, Խորհրդային Միութեան առաջին Աստղաբնագիտութեան ամպիոնին։ Մինչեւ 1941 թուականը արժանաւորապէս վարեց տնօրէնութիւնը Լենինկրատի պետական համալսարանի աստղադիտարանին։ Իսկ 1961¬1964ին նախագահ ընտրուեցաւ Միջազգային Աստղագիտական Միութեան, ինչպէս նաեւ՝ երկու շրջան, 1968էն 1972, ստանձնեց նախագահութիւնը Գիտական Միութիւններու Միջազգային Խորհուրդին։

Վ. Համբարձումեան գիտականօրէն կազմաւորուեցաւ Լենինկրատի մէջ եւ դարձաւ խորհրդային երիտասարդ գիտնականներու փաղանգին յառաջապահ ջահակիրներէն մէկը, որուն սիրտը սակայն միշտ կապուած մնաց հայրենի լեռներուն՝ Հայաստան Աշխարհին եւ հայ ժողովուրդին։ Եւ երբ Երկրորդ Աշխարհամարտի ամէնէն բուռն մէկ հանգրուանին, 1943ին, Խորհրդային Հայաստանը արտօնութիւն ստացաւ հիմնելու Գիտութիւններու իր Ակադմիան, Վիկտոր Համբարձումեան փութաց Երեւան։ Նորաստեղծ Ակադեմիայի առաջին նախագահ ընտրուեցաւ մեծանուն հայ գիտնական Յովսէփ Օրբելին, իսկ Վ. Համբարձումեանի վստահուեցաւ փոխ¬նախագահութիւնը։ 1947ին Վ. Համբարձումեան ընտրուեցաւ Գիտութիւններու Ակադեմիայի նախագահ եւ այդ պաշտօնին վրայ վերընտրուեցաւ շարունակ, մինչեւ 1993 թուականը, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի պատուոյ նախագահը։
Վիկտոր Համբարձումեանի մեծագոյն նուաճումը եղաւ հիմնադրութիւնը Բիւրականի Աստղադիտարանին, որուն անփոփոխ տնօրէնը մնաց մինչեւ 1988 թուականը՝ համաշխարհային արժէքով գիտական կարեւորագոյն կեդրոնի մը վերածելով զայն եւ գիտնականներու ամբողջ սերունդ մը հասցնելով։

Մեծանուն հայը 80 տարեկան էր, երբ հայ ժողովուրդը Արցախի միացման պահանջով ոտքի ելաւ եւ պատմութեան անկումային ընթացքը շրջող՝ սրբագրող իր ազգային¬ազատագրական պայքարի նորագոյն պոռթկումը շղթայազերծեց։ Վիկտոր Համբարձումեան ոչ միայն համաժողովրդային շարժման առաջնորդ Աւագներու Խորհուրդին ոգեշնչող ուժը դարձաւ, այլեւ իբրեւ Խորհրդային Միութեան համամիութենական խորհրդարանի պատգամաւոր՝ Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Զօրի Բալայեանի հետ անձնապէս դիմեց հացադուլի, բողոքելու համար ատրպէյճանեան իշխանութեանց գործադրած հակահայ սպանդին, ինչպէս նաեւ Կորպաչովներու վարած երկդիմի քաղաքականութեան դէմ։
Մեծանուն Հայը տեսաւ Արցախի իրողական ազատագրումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վերանկախացումը։
Վախճանեցաւ 12 Օգոստոս 1996ին, 88 տարեկան հասակին եւ յաւերժական իր հանգիստը գտաւ իր ձեռակերտը հանդիսացող Բիւրականի Աստղադիտարանի մերձակայքը, աստղադիտարանի գերեզմանատան մէջ։









All the contents on this site are copyrighted ©.